Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (67)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Արեւորդեաց և Ապօղինար Լաւոդիկեցիի աղանդներուն:

ԿԷ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Արեւորդեաց և Ապօղինար Լաւոդիկեցիի աղանդներուն:

 

Արեւորդիներու աղանդն ալ յայտնի էր Հայաստանի մէջ և աւելի տարածուած էր Միջագէտք, ԺԱ. և ԺԲ. դարերուն: Ըստ հայկական աղբիւրներու՝ Արեւորդիներու նախահայրը կը համարուի մոգ Զրադաշդը (Գ. դար): Ըստ Ներսէս Շնորհալիի այս աղանդը շատ հին է և Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ժամանակներէն կար: Անոնց հաւատալիքները կապուած են հեթանոսական պաշտամունքի հետ: Կ'ենթադրուի թէ անոնց պաշտած արեգակը Քրիստոսն է. կը պաշտէին նաեւ շուշան ծաղիկը և բարդի ծառը, քանի անոր փայտով, ինչպէս անոնք կը կարծեն, շինուած էր Քրիստոսի խաչը: Առաջին անգամ Արեւորդեաց յիշատակութիւնը կը գտնենք Գրիգոր Մագիստրոսի նամակներուն մէջ և Ներսէս Շնորհալիի  «Յաղագս Արեւորդեացն դարձի» թուղթին մէջ: Ապօղինար Լաւոդիկեցին  ծնած 310-ին և մահացած 392-ին, Լաւոդիկէի եպիսկոպոս եղած է և մեծ հակառակորդ եղած է Արիոսականներուն, սակայն իր պայքարին մէջ քրիստոսաբանական ծայրահեղութեան ծուղակը ինկած է:

Ան կ'ուրանար Քրիստոսի մէջ բանական հոգին, վախնալով թէ մի գուցէ այսպէս ընդունելով՝ մենք անոր «մեղանչականութեան» հակումը տուած կ'ըլլայինք։ Այսպէս  անոր անսասան կամքէն՝ պաշտպանելու Քրիստոսի աստուածային էութիւնը՝ հաստատած է թէ՝ Քրիստոսի աստուածային Անձը իրեն միացուց է մարդկային մարմինը, բայց ոչ թէ բանական հոգին: Սակայն այս կերպով՝ Բանը մասամբ զգեցած  կ'ըլլար մարդկային բնութիւնը, որուն իբր հետեւանք՝ յառաջ եկած է հետագային միաբնեայ (Monopysite) վարդապետութիւնը: Ըստ այդմ՝ Բարսեղ Կեսարացին, Գրիգոր Նազիանզացին, Գրիգոր Նիւսացին զբաղեցան եզրերու սահմանման հարցով. հարկ էր զանազանել և սահմանել բնութիւն, դէմք, անձ եզրերը և յստակ լուսաբանել Աստուծոյ և մարդու միութեան խորհուրդը:

Նշանաւոր է  Բարսեղ Կեսարացիի «Ընդդէմ Ապօղինարի» հակաճառութիւնը, որուն մէջ մեծ Հայրապետը կ'ըսէ, թէ մարդկային բնութեան կատարելութիւնը Քրիստոսի մէջ կարեւոր է փրկաբանական տեսանկիւնէն։ Աստուած կատարելապէս մարդացաւ, այսինքն՝ առաւ մարդկային բնութեան ամբողջականութիւնը, որպէսզի մեր փրկութիւնը ըլլայ կատարեալ և ամբողջական։  Մարդկային մարմինը, հոգին, միտքը բնութեամբ մարդկային են, սակայն տնօրէնութեան միաւորութեամբ՝ աստուածային, ուստի անապական են և անմեղ։ Եթէ Քրիստոսի մարդեղութիւնը թերի է կամ ոչ իրական, ապա իրական չէ մարդու փրկութիւնը։

Այս եղանակաւ, Եկեղեցին կը դաւանի Քրիստոսի մէջ երկու կատարեալ գոյացութիւններէ միաւորուած մէկ անձ: Լիբերատ սարկաւագի (Զ. դար) պատմաբանի վկայութեամբ, Ապօղինարը հայ վանականներու մէջ եւս հետեւողներ ունեցած է, սակայն մեր այժմեան Հանգանակը կը դատապարտէ այս աղանդը, ըսելով. «որով էառ զհոգի եւ զմիտ եւ զամենայն որ ինչ ի մարդ»։ 381 թուականին, Եկեղեցին բանադրեց Ապօղինարը Կ. Պոլսոյ Բ. տիեզերական ժողովի ընթացքին: Աւանդութեան համաձայն՝ ժողովական 150 հայրապետներուն մէջ՝ ներկայ գտնուած է նաեւ Հայոց Մեծն Ներսէս հայրապետը, բայց այս մասին վաւերական ստոյգ տեղեկութիւններ և ապացոյցներ կը պակսին: Թէկուզ, Հայ Եկեղեցին յատուկ տօնախմբութիւն ունի Կ. Պոլսոյ ժողովին, ինչպէս նաեւ տիեզերական միւս երկու ժողովներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2025, 07:38