Կարդինալ Փիցցապալլա. Կազայի համաձայնագիրը խաղաղութեան առաջին քայլն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, Կարդինալ Փիեր Պաթթիսթա Փիցցապալլա մեծ ուրախութիւնը յայտնեց ՀԱՄԱՍ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի մէջ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրի կապակցութեամբ՝ զայն անուանելով « լաւ լուր երկու տարուայ տանջանքներէն յետոյ»։
Գիտակցելով յառաջիկայ առկայ բազմաթիւ խոչընդոտները՝ Ծիրանաւորը համաձայնագիրը համարեց «անհրաժեշտ առաջին քայլ, որ վստահութեան մթնոլորտ եւ ժպիտ կը բերէ բազմաթիւ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ընտանիքներուն։
Կարդինալ Փիցապալլայի խօսքով՝ այժմ կարեւոր է աշխատիլ ռազմական գործողութիւններուն վերջնական դադրեցման ուղղութեամբ եւ սկսիլ ապագային մշակումը ոչ միայն Կազայի մէջ այլեւ ամբողջ Պաղեստինեան բնակչութեան համար։
Պատրիարքը վստահեցուց, որ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը կը շարունակէ աջակցիլ համայնքին եւ նպաստել վերականգման, ոչ միայն ենթակառուցածքներու, այլ պատերազմի հետեւանքով առաջած «մարդկային աւերածութիւններու լուծման։
Երուսաղեմի Պատրիարքարանի յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է անյապաղ մարդասիրական օգնութեան եւ Կազային մէջ օգնութեան անվերապահ մուտքի անհրաժեշտութիւնը, յոյս յայտնելով որ համաձայնագիրը կը հարթէ ճանապարհը «բուժումի եւ հաշտութեան համար»։ Յայտարարութեան մէջ վերանորոգուած է հրաւէրը միանալու 11 հոկտեմբերին խաղաղութեան համար աղօթքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ