Որոնել

2025.09.22 Veglia di preghiera per Gaza

Ժամանակը պիտի գայ, երբ ուժի լեզուն պիտի ձախողի, երբ բռնութեան ամրոցը պիտի փլուզուի․ Կարդինալ Փիցցապալլա

Հռոմի մէջ Սանդ’էճիտիօ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած «Խաղաղութիւն Կազային» աղօթքի հսկողութեան լսատեսողական պատգամով մասնակցեցաւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը. «Մեր խօսքերով եւ վկայութեամբ պէտք է բերենք հեզութեան ուժը, որպէսզի բոլորը կարողանան ժառանգել գեղեցկութեամբ, սիրով եւ հեզութեամբ այն երկիրը, որ Աստուած մեզի տուած է»։ Արարողութեան ընթացքին հնեցուցած յորդորներն են հրադադարի հաստատում եւ պատանդներու ազատ արձակում, դիւանագիտական լուծում եւ միջազգային իրաւունքի յարգանք։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Երբեք չդաւաճանել մեր մարդկութեան։ Այս կոչը հնչեց երեկ երեկոյեան՝ 22 Սեպտեմբերին, Հռոմի «Santa Maria in Trastevere» հրապարակէն, Սանդ՛էճիտիօ հասարակութեան կողմէ համանուն Պազիլիքայի մէջ կազմակերպուած աղօթքի հսկողութեան ատեն, յանուն Կազայի համախմբուած հարիւրաւոր մարդկանց եւ հասարակական կազմակերպութիւններու լայն ցանցի ներկայութեամբ, անոնց շարքին՝  Իտալացի բանուորներու քրիստոնեայ ընկերակցութիւնները (ACLI), Իտալացի կաթողիկէ առաջնորդներու եւ սկաուտներու ընկերակցութիւնը (Agesci)  Ացիոնէ Քաթթոլիքա բանուորական շարժումը, Հաղորդութիւն եւ ազատագրում, Յովհաննէս ԻԳ Պապ հասարակութիւնը, Աշխատաւորներու քրիստոնէական շարժումը, Ֆոքոլարիներու եղբայրութիւնը, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան  աշխարհական կարգը (OFS), Մեծաւորներու միութեան (Unione dei Superiori Generali -USG) եւ  Մեծաւորուհիներու միջազգային ընդհանուր միութեան  (Unione Internazionale delle Superiore Generali - UISG)  եւ այլք։ Բոլորը միասին պահանջեցին հրադադարի հաստատում եւ պատանդներու ազատ արձակում, բանակցային դիւանագիտական ​​լուծում եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նկատմամբ լիակատար յարգանք։

Վերադառնալ Կազայի մէջ միջազգային իրաւունքի յարգանքին

Սանդ՛էճիտիօ հասարակութեան նախագահ Մարքօ Իմփալիացցոն բացումը կատարեց աղօթքի հսկողութեան՝ մէջբերելով  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան  աշխարհական կարգի անդամ, խաղաղութիւն կառուցող ու բարեպաշտ  բանաստեղծ՝  Ճորճօ Լա Փիրայի խօսքերը․ «Աղօթքը կարող է սիրտեր շարժել»։ Իմփալիացցոն, ապա, հրաւիրեց աղօթել պատերազմի բոլոր զոհերու համար եւ կոչ ըրաւ վերադառնալ Կազայի մէջ միջազգային իրաւունքի յարգանքին:

Ժողովուրդները կարելի չէ երկար խաբել

Երեկոն նախագահեց Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախկին նախագահ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին, որու խորհրդածութիւններու առանցքը կազմեցին Մատթէոս Աւետարանիչի ինը երանիները (Մատթէոս 5:3-12)։

Պատերազմը, վերազինումը կամ աղքատներու նկատմամբ եսասիրական պարփակուածութիւնը չեն կրնայ երաշխաւորել խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, շեշտեց նաեւ Ծիրանաւորը,  ըստ որու՝ ժողովուրդները կարելի չէ երկար խաբել: Հետեւեցաւ ապա անոր հրաւէրը ըլլալու խաղաղութեան գործընթացը աշխուժացնողներ, քանզի ասիկա արշալոյսը պարտադրելու ժամանակն է (հմմտ․ Եսայիա 58:8)։

Երբեք այսքան դժուար ժամանակ չեմ տեսած

Հսկումին լսատեսողական կապով մասնակցեցաւ նաեւ  Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան՝ յղում կատարելով, Մատթէոս Աւետարանիչի երանիներու հեզերուն նուիրուած հատուածին՝ «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը», խոստովանեց, որ այդ մէկը խորապէս տպաւորիչ է, քանի որ «այսօր եւ այս վայրին մէջ, կարծես, կը յաղթանակէ հեզութեան հակապատկերը։

Վշտաբեկ ենք, խորապէս վիրաւորուած ատելութեան մթնոլորտէն

«Մենք վշտաբեկ ենք, խորապէս վիրաւորուած ատելութեան մթնոլորտէն, որ ստեղծած է բռնութիւնը, որ, իր հերթին, ստեղծած է աւելի շատ ատելութիւն արատաւոր շրջանակի մը մէջ, զոր չենք յաջողիլ կոտրել», յարեց Երուսաղեմի Պատրիարքը՝ ափսոսանք յայտնելով, որ տեղ տրուած է «երկու կողմերու այդքան շատ ծայրայեղականներու համար եւ շեշտելով, որ Սուրբ Երկիրի մէջ իր 35 տարիներու ընթացքին երբեք այսքան դժուար պահ չէ տեսած։

Ան, միւս կողմէ, ընդգծեց նաեւ, որ  բազմաթիւ են մարդիկ, որոնք վտանգի տակ դնելով իրենց կեանքը արդարութիւն կը փնտռեն, անոնց շարքին՝ իսրայէլացիներ, պաղեստինցիներ, հրեաներ, քրիստոնեաներ, մուսուլմաններ»: Այս մէկը յոյսի աղբիւր է  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան  Ծիրանաւորի համար, որ համոզուած է, որ շնորհիւ հեզ սիրտերու, «որոնք անաղմուկ կերպով ներկայ են, հնարաւոր է ստեղծել մի հիւսուածք, որուն վրայ աստիճանաբար կարելի ըլլայ վերակառուցել ապագան։

Պէտք է շարունակենք արդարութիւն գործել

«Պէտք է շարունակենք արդարութիւն գործել, ճշմարտութիւն բանացնենք՝ բոլորի նկատմամբ սէր տածելով» եւ գիտակցելով, որ ժամանակը պիտի գայ, երբ ուժի լեզուն պիտի ձախողի, երբ բռնութեան այս ամբողջ ամրոցը պիտի փլուզուի, եւ այդ ատեն պէտք է պատրաստ ըլլանք։ Եւ մեր խօսքերով եւ վկայութեամբ պէտք է բերենք այս հեզութեան ուժը, որպէսզի բոլորը կարողանան ժառանգել գեղեցկութեամբ, սիրով եւ հեզութեամբ այն երկիրը, որ Աստուած մեզի տուած է», եզրափակեց Կարդինալ Փիցցապալլան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2025, 09:30