Որոնել

2025.08.16 Gesù Cristo, Vangelo della domenica

«Ոեւէ մէկը թող չբաժնէ այն ինչ՝ որ Աստուած միացուց» (Մարկոս 10, 1 – 12)

Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելի ընթերցող քոյրեր եւ եղբայրներ,

Այսօր կը գտնուինք էական եւ այժմէական (աւելի քան երբեք) նիւթի մը յառաջ: Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին մէջ, փարիսեցիները հարց կու տան Քրիստոսի ըսելով թէ. միթէ՞ կարելի է կինը արձակել...թէեւ Մովսէս բաժանումի թուղթ տուաւ...: Քրիստոս անոնց կը պատասխանէ ըսելով. Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց...հետեւաբար սիրելիներ կը հասկնանք թէ՝ ըստ ինքեան բաժանումը պէտք չէ տեղի ունենայ եւ կամ կատարուի . «Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց» (Մրկ. 10, 9):

Այստեղ սիրելիներ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, տրամաբանական չէ Քրիստոսի այս խօսքը..., ուրեմն չարչարո՞ւինք...ի՞նչ գիտես ես ինչ կ՛ապրիմ տանս մէջ կամ ամուսինիս եւ կամ ալ՝ տիկնոջս հետ...»: Բնաւ երբէք եւ քաւ լիցի սիրելիներ, Աստուծոյ փափաքը մարդուս չարչարուիլը չէ, այլ մեր բարիքը եւ ուրախութիւնը...լաւ ինչո՞ւ այս օրէնքը:

Սիրելիներ, հարցը բաժնուելուն եւ կամ չբաժնուելուն մէջ չի կայանար, այլ՝

1.     Քրիստոնէական դաստիարակութեան պակասն է (պատասխանատուներն են՝ հայրերն ու մայրերը...ինչպէ՞ս կը դաստիարակէք ձեր զաւակները այսօր...հեռախօսը ձեր զաւակներուն ձեռքերուն մէջ ձգելո՞վ...),

2.     Դպրոցի դաստիարակութիւնը, որ այսօր կապկելով ուրիշներուն եւ կամ օտարներուն՝ առանց անդրադառնալու կը դառնանք open minded վերնագրի տակ՝ անաստուածներ (կոչս կ՛ուղղեմ նամանաւնդ ուսուցիչներուն...սիրելիներ, նման ծնողներու՝ ձեզմէ պիտի պահանջուի մեծ հաշիւ՝ երբ բոլորս կանգնինք Աստուծոյ Արդար Դատաստանին յառաջ...յիշեցէք որ ձեր կատարածը ծառայութիւն է եւ ոչ թէ՝ գործ),

3.     Ինչպիսի՞ շրջանակի մէջ կը գտնուիմ (առողջ, անհոգ, վատ, լաւին եւ կատարեալին չձգտող թէ...),

4.     Եկեղեցիին որքանո՞վ մօտ եմ...Աստուծոյ որքանո՞վ մօտ եմ...եւ եթէ մօտ եմ, ի՞նչ նպատակներով եւ շահերով...յիշենք Քրիստոսի խօսքը. Դուք խնդրեցէք Աստուծոյ Արքայութիւնը, մնացը Աստուած Ինք կը հոգայ...,

5.     Ի՞նչ բանի վրայ հիմնուելով է որ այսօր կը զատենք մեր բարեկամները եւ կամ բարեկամուհիները (յիշենք որ մեր իսկական կեանքը դիմատետր չէ որ ունենամ 5000 բարեկամ...Սոդոմ Գոմորի մէջ 5 հոգի չկային որ փրկուէին, երեւակայեցէք այսօր...սիրելիներ, յիշեցէք որ ձեր ընտրած անձերը ձեր պատկերներն են՝ ուղղակի եւ կամ ոչ ուղղակի կերպով...ձեր բարեկամները կը ներկայացնեն ձեր պահուած պահանջքները եւ իրենցմով՝ ձեր պակասը կ՛ամբողջացնէք...մէկ խօսքով, ձեր զատածը՝ դուք էք ձեր ենթագիտակցութեանը մէջ...հետեւաբար, նախ քան ընտրելդ՝ ծանիր զքեզ, եւ եթէ պէտք է փոփոխութիւն՝ մի ուշանար),

6.     Ի՞նչն է այն բանը զոր ինծի կը համոզէ թէ իմ բարեկամ եւ կամ բարեկամուհիս դառնայ իմ նշանածս...զինք լաւ կը ճանչնա՞մ, դիմակով են անոր հետ, թէ անկեղծ,

7.      Ի՞նչն է այն բանը զոր ինծի կը համոզէ պսակուիլ իմ նշանածիս հետ (դրա՞մ, տո՞ւն, սէ՞ր եթէ մնաց այսօր անշուշտ, խեղճութիւնը դիմացինիս (դուն կը պսակուիս եւ ոչ թէ բարիք կ՛ընես), համոզո՞ւմ, յոյս թէ օր մը կը փոխուի...),

8.     Երբ կը պսակուիմ (պսակիս օրը ի՞նչ բանով աւելի տարուած եմ), Քրիստոսը, Եկեղեցին եւ աղօթքը ներկա՞յ են իմ կեանքիս եւ կամ մեր կեանքին մէջ...այսօր ձեր կեանքին մէջ ո՞վ ներկայ է սիրելիներ...ունայնութի՞ւնը՝ իր տարբեր եւ զանազան տեսակներով թէ...,

9.     Համոզո՞ւած ենք որ մենք այլեւս երկու չենք, այլ մէկ...չկայ այլեւս ինքը կամ ես, այլ ՄԵՆՔ...աւելի ճիշտը՝ ԵՍ (որուն մէջ կ՛ընդգրկէ դուն եւ ես-ը), եւ ոչ թէ նման ընկերութիւններու որոնք համաձայնութիւններ կը ստորագրեն՝ որպէսզի ամէն մէկը իր սահմանը եւ իր գործը գիտնայ...սիրելիներ, ձեր համաձայնագիրը ՍԷՐՆ Է, իսկ Քրիստոս ալ՝ ձեր ապահովագրութիւնը,

10.  Որո՞ւ շահը կը փնտրենք այսօր աւելի. Մեր անհատակա՞ն, թէ մեր ընտանիքին՝ որ ենք մէկ այլեւս,

11.  Կը զոհո՞ւիմ, թէ կ՛ուզեմ ապրիլ նման թագաւորի կամ թագուհիի,

12.  Կը համբերե՞մ, թէ շուտով կը բարկանամ...հապա Քրիստոս ինչպէ՞ս պէտք է վարուի մեր գործած անվերջ մեղքերուն հանդէպ,

13.  Կ՛աշխատի՞մ որ այս ընկերութիւնը որ ընտանիք կը կոչուի, պահէ իր կառոյցը եւ իր սրբութիւնը...յիշենք թէ, առանց աշխատանքի՝ չկայ յաջողութիւն, եւ առանց Քրիստոսի՝ չկայ ընտանիք,

14.  Նկատի կ՛առնե՞նք թէ մենք որպէս մէկական մարդ արարածներ, մի քանի տարի անգամ մը՝ մեր անձերը եւ մեր մտայնութիւնները կը փոխուին...ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ մի քանի տարի առաջ զինք կը սիրէիր, իսկ այսօր՝ զինք կ՛ատես...չպսակուած զինք կը պաշտէիր, յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ...ինչո՞ւ չես ծանօթանար նոյն տիկնոջդ եւ կամ ամուսնոյդ հետ, բայց այս անգամ՝ աւելի հասուն (յուսամ եւ ոչ թէ հակառակը) տարբերակով...փոխանակ ձգելու որոշում առնես, քեզ կը վստահեցնեմ թէ՝ մէկ կամ երկու տարիէն արդէն իսկ զինք պիտի ճանչնաս եւ պիտի սիրես, թերեւս աւելի քան երբէք...,

15.  Եւ ամէնակարեւորը, մեր ընտանիքին մէջ ո՞վ կայ. ուրիշնե՞ր թէ Քրիստոս...կը հետեւի՞նք Քրիստոսի խօսքերուն թէ մարդոց ըսի- ըսաւներուն...յիշեցէք թէ մարդոց խօսքերը օդին մէջ կը մնան, միայն Քրիստոսի խօսքերն են որոնք կեանք կ՛առնեն:

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, այս բոլոր կէտերը սերտելէ ետք, կրնանք խօսիլ բաժանումի մասին: Սիրելի հայրեր եւ մայրեր, նշանուած զոյգեր եւ սիրահարուածներ, եթէ այս բոլոր կէտերը լաւ պահուէին եւ լաւ խնամուէին, այսօր մենք չէինք ունենար ոչ հոգեւոր դատարաններ եւ ոչ ալ բաժանումի առիթներ (յիշենք թէ մէկ օրուայ մէջ չէ որ մենք կը հասնինք բաժանումի՝ եւ այդ ալ չարին գործն է):

Լաւ, այս բոլորը ըստ ձեզի պարզապէս խօսքե՞ր են. Չեմ կարծեր սիրելիներ, որովհետեւ երբ Քրիստոս կ՛ըսէ թէ՝ ոչ ոք կարող է բաժնել մէկը միւսէն, կը նշանակէ թէ՝ այս մէկը կարելի է եւ ստոյգ ու հաստատ է...որովհետեւ երբ Քրիստոս կը գտնուի ձեր երկուքին միջեւ, այլեւս այս միութիւնը ոչ մէկը կրնայ խզել:

Ահաւասիկ սիրելիներ բաժին մը՝ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն. Երբ չենք ուզեր հասնիլ բաժանումի, ուրեմն լաւ հասնինք Ս. Պսակին եւ լաւ պահենք այս ընտանիքը՝ որմէ կը ծնին սուրբեր, եւ ամէնակարեւորը՝ աշխարհի եւ Եկեղեցւոյ առաջնորդներ՝ որոնք պիտի կառավարեն աշխարհի ապագան...տեսէք սիրելիներ այսօր մեր վիճակը, եթէ պահուէր նուազագոյնը ընտանիքներուն եւ դաստիարակչական կառոյցներուն մէջ, այսօր մեր աշխարհի վիճակը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար:

Սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, ապագան ձեր ձեռքն է. ինչպիսի՞ աշխարհ եւ կամ ապագայ կ՛ուզէք, անոր հիման վրայ՝ վարուեցէք եւ կազմեցէք ընտանիքներ. Ամէն:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2025, 07:30