Մենք կը մեռնինք բայց Քրիստոսի համար կը մեռնինք. Հովուական Թուղթ` Երանելի Մալոյեանի սրբադասման առիթով։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
25 օրէն Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի կայանայ հայ ազգի պարծանքի ու հպարտանքի առիթ հանդիսացող շատ կարեւոր արարողութիւն մը, որուն ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը ի շարս այլոց Սուրբ պիտի հռչակէ Իգնատիոս Մալոյանը՝ հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսը, որ նահատակուեցաւ իր հաւատքին համար 1915 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ։
Մահապատիժէն առաջ Ան յայտարարած էր. «Եթէ Յիսուս Քրիստոսը՝ իմ Տէրը և իմ Աստուածը, խաչուեցաւ ինծի համար, ինչո՞ւ ես պէտք չէ պատրաստ ըլլամ մեռնելու Անոր համար»։
2001-ի 7 հոկտեմբերին Հայաստան աշխարհի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը, երանաշնորհ Արքեպիսկոպոսը դասեց Երանելիներու շարքին եւ ահա 24 տարիներ ետք Ան տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ պիտի հռչակուի Սուրբ։
Սրբադասման տօնախմբութեան առիթով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ բացուած է կայքէջ նուիրուած Սուրբին https://www.saintignatiusmaloyan.com/ հասցէով։
Վերոնշեալ նոյն առիթով ապա հրատարակուեցաւ Հայրապետական Հովուական Թուղթ մը` որ կը կրէ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի ստորագրութիւնը «Խաչի եւ Յոյսի վկաներ» վերտառութեամբ։
Հովուական թուղթը կը սկսի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի. «Մենք կը մեռնինք բայց Քրիստոսի համար կը մեռնինք» խօսքերով, զոր երանաշնորհ Արքեպիսկոպոսը արտասանեց իր կեանքի զոհաբերումէն առաջ։
Հովուական թուղթին մէջ անդրադարձ կը կատարուի ապա այս տարի նշուող Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարուան, որ, կը գրէ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, «շնորհքի ժամանակ է վիրաւոր մարդկութեան համար» եւ հրաւէր` «վերագտնելու Քրիստոսին մէջ արմատացած յոյսը, որ յուսախաբ չի թողուր»։
Հովուական թուղթին մէկ գլուխը նուիրուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, որպէս «յոգնութիւն չճանչցող ուխտաւոր», որուն մէջ կը մատնանշուի, որ Յոբելենական տարին հզօր հրաւէր է դարձի, հաշտութեան եւ ապաշխարութեան», որուն ծիրէն ներս պէտք է «ցնծագին պատրաստուիլ դիմաւորելու Մարտինի Առաջնորդ եւ Երանելի Նահատակ Իգնատիոս Արքեպ. Մալոյեանի սրբադասումը»։
Ապա ասկէ մեկնելով է` որ Հովուական թուղթին յաջորդ գլուխը ամբողջութեամբ կը նուիրուի Երանելի Մալոյեանին, «հաստատ սրտով եւ անյաղթ քաջութեամբ հովիւին» ու անոր հաւատքի վկայութեան։
«Աստուծոյ Ժողովուրդը» վերտառութեամբ հատուածին մէջ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը կը խօսի ընտանիքի մասին, որ «մեր հաւատքին արմատն ու մեր սրտին զարկերակն» է, ապա կոչ կ՛ուղղէ երիտասարդներուն` չվախնալու «մօտենալու Տիրոջ, որ զիրենք կը սպասէ», զանոնք որակելով «նուէր, առաքելութիւն, խոստում»։
Յորդոր ուղղուած է նաեւ դաստիարակներուն, «սրտերու պահապաններ եւ խղճի դարբիններ» մինչ հովուական թուղթին վերջին մասը նուիրուած է հոգեւոր դասին, ուր կը խօսուի «Յոյսի եւ հաղորդակցութեան սիւնհոդոսական ուղեւորութեան» մասին, որպէս օրինակ ունենալով սուրբ Հայրերը, որոնք դժուար ժամանակներու մէջ «կարողացան կառուցանել ուժեղ եւ առատաձեռն Եկեղեցի մը` արմատաւորուած Աստուծոյ Խօսքին մէջ եւ ուշադիր ժողովուրդի կարիքներուն»։
Այս հատուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ամուսնացեալ քահանաներուն, սարկաւագներուն ու ժառանգաւորներուն հուսկ կրօնաւորական միաբանութիւններուն։
Հովուական թուղթը կ՛աւարտի «Խաչին վկաները Յարութեան Կառուցողներ» վերտառութեամբ հատուածով, որուն մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետ` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ը կը նշէ, որ «կ՛ապրինք բարդ եւ փխրուն իրականութեան մէջ, պատմական եւ արդի վէրքերով...ամենօրեայ նոր սպառնալիքներով» ու կ՛աւելցնէ . «Որպէս հովիւներ կոչուած ենք ըլլալու մարգարէական ձայնը, գործօն ներկայութիւնն ու յոյսի աղբիւրը բոլոր հաւատացեալներուն համար...կղերը չի կրնար փակ մնալ ինքնիր մէջ, այլ պէտք է ներկայ ըլլայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, բաժնեկցելով անոր ուրախութիւնները, ակնկալութիւններն ու ցաւերը», կը հաստատէ ի միջի այլոց Հայրապետը, որ հովուական թուղթը կ՛եզրափակէ աղօթքով մը, հրաւիրելով բոլորը իրեն միանալու ու միասիրտ արտասանելու այդ աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ