Որոնել

Դադիվանքը Դադիվանքը 

«Ժամանակի Վատնում» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ժամանակը թանկագին է եւ անփոխարինելի: Սորվինք ինչպէս պէտք է վարուիլ անոր հետ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Վանական եւ ճգնաւորական հասարակութիւններուն մէջ իւրայատուկ կարգ ու կանոն կայ իրենց ժամանակը լաւագոյնս օգտագործելու: Իրենց ժամանակացուցակի մէջ գլխաւոր տեղ եւ դերը յատկացուած է աղօթքների եւ ժամերգութիւններու: Անոնք կ'աղօթեն՝ արեւնամուտին, կէս գիշերին, արեւածագին, առաւօտեան եւ կէսօրուայ ժամերուն: Անոնք, առաւօտեան աղօթքէն ետք, իւրաքանչիւրը իր գործին կը լծուի. արտերը հերկել, վանքին նորոգութիւն, կերակուր պատրաստել եւն.: Իւրաքանչիւր վանական ունի պաշտօն մը: Յիշենք նաեւ, որ երբեք դիւրին չէ անոնց աշխատանքը: Հանգիստի եւ քնանալու համար շատ քիչ ժամ տրամադրուած է: Այս բոլորը, որպէսզի երբեք իրենց մարմինին հանգիստ չտան: Սուրբ հայր մը ըսած է.« հանգիստի տրամադրուած ժամանակը, սատանային խաղավայրն է»:

Ուզեցի վանական կեանքի օրինակը յիշել առաջին հերթին, որպէսզի ակնարկեմ այն գաղափարին, որ կը կարծէ թէ վանական կեանքը նման է արձակուրդի մը: Երկրորդ կէտը զոր կ'ուզեմ մատնանշել այն է, թէ ժամանակի վատնումը կրնայ մեր հոգիները վնասել: Ներկայ ժամանակներուն մարդկութիւնը վտանգող ամենամեծ միջոցներէն մէկը ժամանակի վատնումն է: Այո, կ'աշխատինք եւ կը յոգնինք: Այո, պէտք ունինք հանգիստի. սակայն ոչ ժամանակի վատնումի: Մարմնի յոգնութիւնը դիւրի շրջանցուող յոգնութիւն է: Միտքի յոգնութիւնն է, որ մեզ կ'անդամալուծէ: Կրնայ անձ մը լման օրը չարքաշ աշխատանք տանիլ, եւ երբ տուն վերադառնայ ՝ տաք ջուրով լոգանք մը ամբողջովին իր յոգնութիւնը տանի: Սակայն մտքի տառապանք, կրնայ զինք յոգնեցնել, քուն տալ եւ անպտուղ դարձնել:

Բջիջայիններու առջեւ կարելի է ժամեր վատնել, առանց զգալու վնասն ու վտանգը մեր ըրածին: Երիտասարդներու մօտ այս հարցը քրոնիկ (cronique) դարձած է: Գրեթէ անկարելի է հեռացնել զանոնք իրենց բջիջայիններէն: Ուրիշ կէտ մըն ալ կայ՝ անտեղի երկար բարեկամական հաւաքները, ուր անպէտք զրոյցներով ժամանակ կը սպաննուի: Եւ օրինակներու շարք կարելի է երկարել: Արդիւնքը մարդուն հոգին այնքան ծուլութեան կը վարժուի, որ աղօթքը եւ կամ որեւէ արդիւնաւէտ աշխատանք մը կրնայ բոլորովին անհեթեթ նկատուիլ: Ժամանակ տրամադրել ընտանիքի եւ զաւակներու համար՝ գրեթէ հազուագիւտ է, չըսելու համար չգոյ: Իսկ հոգիի փրկութիւնը՝ երեւակայական, հնադարեան առասպել մը դարձած է: Կրնաս մէկու մը հետ ժամեր խօսիլ նիւթերու շուրջ, որու մասին ոչ ոք բան գիտէ. սակայն Աստուած եւ եկեղեցի բառերը անմիջապէս ծաղրանք ու հեգնանք կը պատճառեն, որպէս յետամնացներու գաղափարներ: Այս բոլորին դիմաց, սատանան այնպէս մը մարդոց աչքեր քօղարկած է, որ ոչ միայն մեր շուրջը տիրող տագնապի աղբիւրը չենք կրնար հասկնալ, այլեւ մեր կեանքերուն եւ անձերուն խնդիրներու եւ հարցերու աղբիւրը կարելի չէ տեսնել:

Ծուլութիւնը մահացու մեղք է: Այսինքն կրնայ հոգին եւ մարմին սպանել: Մենք ալ վանականներու նման պէտք է ժամանակացուցակ դնենք եւ մեր ժամանակը ծախու առնել: Ս. Պօղոս կ'ըսէ. « իմաստուններու պէս ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տիրոջը կամքը» (Եփս. 5:16)։ Հանգիստի ժամանակը դասաւորեցէք եւ աշխատանքի ժամերը կարգաւորեցէք: Միշտ սորվեցէք մեզէ առաջ եկող քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս սուրբերուն կեանքերէն: Անոնցմէ սորվինք եւ ոչ թէ աշխարհէն:
Ժամանակը թանկագին է եւ անփոխարինելի: Սորվինք ինչպէս պէտք է վարուիլ անոր հետ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2025, 08:10