Յիսուսի Յարութիւնը Յիսուսի Յարութիւնը 

«... Բայց Ոմանք Տարակուսեցան», Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Սիրելիներ, Աստուած նոյնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Ան կարող է կատարելու իր բոլոր խոստումները։ Աստուած նոյնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Ան կարող է կատարելու իր բոլոր խոստումները։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Մատթէոս իր աւետարանին վերջին գլխուն մէջ կը պատմէ, թէ Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը գերեզման գացին Յիսուսի մարմինը օծելու: Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոնց ու ըսաւ.« Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ... շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ... Երբ կ'երթային անոր աշակերտներուն պատմելու, Յիսուս անոնց դէմը ելաւ ու ըսաւ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք մօտենալով անոր ոտքերը բռնեցին ու երկրպագութիւն ըրին անոր։Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն ... Տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլիա, այն լեռը ուր Յիսուս իրենց որոշեր էր։ Երբ զանիկա տեսան, երկրպագութիւն ըրին անոր, ԲԱՅՑ ՈՄԱՆՔ ՏԱՐԱԿՈՒՍԵՑԱՆ» (Մտթ. 28):

Ահաւասիկ աշակերտներ, որոնք ոչ միայն ապրեցան Յիսուսի հետ, այլեւ տեսան անոր յաղթական յարութիւնը եւ տակաւին տարակուսեցան:

Այս համարին մէջ գործածուած 'Տարակուսիլ' բառը յատուկ բառ մըն է (διστάζω distazo dis-tad'-zo) է: Այս բառը յունարէն բնագրին մէջ գործածուած է երկու անգամներ միայն: Մին այս համարին մէջ եւ միւսը, երբոր Ս. Պետրոս ջուրերուն վրայէն քալած ատեն ընկղմեցաւ, եւ Յիսուս իրէն այպանեց ըսելով. «Թերահաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար» ( Մտթ. 14:31):

Աշակերտներու ապրածը եւ Ս. Պետրոսի փորձառութիւնը, քիչ մը տարօրինակ կը հնչէ մեր ականջներուն: Երկու պարագաներուն ալ կը տեսնենք, որ անոնք տեսան Քրիստոսի փառքն ու զօրութիւնը, սակայն եւ այնպէս տարակուսեցան: Մենք ալ շատ յաճախ կը նմանինք աշակերտներուն: Եկեղեցի կու գանք, կը փառաբանենք ու կը պաշտենք Տէրը, կը հաղորդուինք անոր կենարար մարմնով եւ արիւնով, սակայն եւ այնպէս երբ մեր կեանքի ալիքները բարձրանան, եւ կամ պատուիրանները պահելու դժուարանանք՝ կը տարակուսինք: «Արդեօք Յիսուս կարողութիւն ունի մեզի մեր կեանքի ալիքներուն վրայէն քալել տալ», « կարելի՞ է ներող եւ խոնարհ ըլլալ աշխարհի մը մէջ, ուր չարը անսանձօրէն կը գործի»: Նման հարցումներ կու գան մեր մտքերուն եւ մենք զմեզ կը գտնենք տարակուսանքի մէջ եւ կ'ընկրկիլ մեզ դիմագրաւող հարցերուն դիմաց: Կը մոռնանք, որ երբ յարութեան աւետիսը կու տանք իրարու, կ'ըսենք. « եւ մենք վկաներ ենք այդ յարութեան»: Կը մոռնանք , որ «մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են» (4 Թագ. 6:16)... եւ կը տարակուսինք:

Կը պատմուի, որ օր մը վանական մը այցելութեան կ'երթայ ծերունի ճգնաւորի մը: Երբ անոր խուցը gը մտնէ, կը գտնէ զայն մահճակալէն գետին ինկած:
«Վարդապետ» կ'ըսէ «եթէ ես չգայի, ո՞վ քեզի պիտի գրկէր եւ մահճակալ դնէր»:
«Ի՞նչ կ'ըսես օրհնած» կը պատասխանէ ծերունի ճգնաւորը. « մոռցա՞ր, որ ես պահապան հրեշտակ ունիմ. ան ինծի կ'օգնէ»: Անշուշտ այս օրինակը մեր ծիծաղն ու քիչ մը անհաւատութիւնը կը շարժէ: « Պահապան հրեշտակը կրնա՞յ օգնել»: Բնական է այսպէս մտածենք, երբ քրիստոնէական կեանքի ապրուած փորձառութիւն չունենանք:

Սիրելիներ, Աստուած նոյնն է երէկ, այսօր եւ յաւիտեան: Ան կարող է կատարելու իր բոլոր խոստումները: Վերեւ յիշուած համարին մէջ, երբ Քրիստոս տեսաւ աշակերտներու տարակուսանքը ըսաւ.« մի վախնանք, ահաւասիկ Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ կատարածը աշխարհի: Դարձեալ Յիսուս խօսելով վերջին օրերու դժուարութիւններու մասին ըսաւ. « Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկ. 21:28):
Սիրելիներ, երբ դժուարութիւնները բազմանան, փոխանակ երկմտելու, մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ խորացնենք, որովհետեւ մեր փրկութիւնը մօտ է:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2025, 07:00