2025.07.12 Il Patriarca Minassian invita il Presidente Aoun alla cerimonia di canonizzazione di Maloyan

Նահատակ Մալոյանի Սրբադասում. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը պաշտօնական հրաւէր ուղղեց Լիբանանի Նախագահին

Հրաւէրը ուղղուած է որպէսզի Ան ներկայ գտնուի Ապրիլեան Նահատակ՝ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին արարողութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 11 Յուլիս 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը պաշտօնական հրաւէր ուղղեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին՝ Ն.Վ. Զօրավար Ժոզէֆ Աունին, ներկայ գտնուելու մեր Ապրիլեան Նահատակին՝ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ, Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին:

Աղբիւրը` հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2025, 08:00