Որոնել

Կարդինալ Վէն Թրուա Կարդինալ Վէն Թրուա   (AFP or licensors)

Ոչ եւս է Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա

82 տարեկանին Իր մահկանացուն կնքեց 2005-2017 թուականներուն Փարիզի թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յուլիս 18ին, 2025 թուականին, 82 տարեկանին Իր մահկանացուն կնքեց Պենետկիտոս ԺԶ Քահանապետին օրով ծիրանաւոր նշանակուած ու Փարիզի թեմի՝ 2005-2017 թուականներուն արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա։

Ան ծնած էր Փարիզ՝ 7 նոյեմբեր 1942ին, քահանայ ձեռնադրուած էր 1969ին ,եւ ապա օգնական եպիսկոպոս դարձած իր ծննդավայրին թեմին՝ 1988 թուականին։
1999ին դարձած է Թուրս թեմի արքեպիսկոպոս, ապա 2005 Թուականին ընտրուած է Փարիզի եպիսկոպոս ու ծառայած մինչեւ 2017 թուականը։

2007էն մինչեւ 2013 տարիներուն եղած է Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ։ 2007ին, դարձած է կարդինալ ու գործօն կերպով աշխատած է ընկերային եւ միջազգային հարցերուն գծով,  յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։

Կարդինալ Վէն Թրուա ծանր հիւանդութենէ վարակուելէ յետոյ թոշակի անցած էր 2017ին։ Կարդինալ Վէն Թրուայի մահով Փարիզի եկեղեցին զինք յիշեց որպէս հովիւ, հայր եւ բարեկամ՝ յուղարկաւորութեան արարողութեամբ եւ սուգի զանգերու ղօղանջով։

Նշենք, թէ այժմ կարդինալական դասը, կարդինալ Վէն Թրուայի մահով կը հաշուէ 251 կարդինալներ, որոնցմէ 153-ը իրաւունք ունին քահանայապետ ընտրելու եւ 118- իրաւունք չ՝ունին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2025, 12:37