Կազա. Կարդինալ Փիցցապալլա. Երբեք մեր ժողովուրդը մինակ պիտի չձգենք
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցապպալա Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին հաղորդեց որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ Սուրբ Ընտանիքի ժողովրդապետութեան վրայ յարձակումէն ետք արձանագրուած են տարբեր վիրաւորներ, որոնցմէ մի քանի հոգիներ ծանր վիճակի մէջ են։
«Իսրայէլը կ՝ըսէ թէ, Իսրայէլեան հրասայլի մը սխալ գործողութեամբ գիտենք, թէ եկեղեցին ուղղակիօրէն հարուած ստացած է ։
Պատմութիւն մը որ կը կրկնուի
Առաջին անգամ չէ, որ Կացայի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին թիրախ կը դառնայ ռմբակոծումի։ 16 դեկտեմբեր, 2023ին, Կազայի Զէյթուն շրջանի մէջ գտնուող Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան մէջ տեղի ունեցած է այլ ողբերգական դէպք մը «Իսրայէլի կողմէ կատարուած ծանր ռմբակոծումները քանդեցին եկեղեցին ինչպէս նաեւ Մայր Թերեզայի երկու կառոյցները։ Յարձակումի ընթացքին երկու կանայք, տարեց մայր մը իր դուստրին հետ վիրաւորուեցան արձակազէնի կրակոցէն։ Փրկարարները խօսած էին Համալիրին ներս «Լիակատար խուճապի» մասին, ուր բնակած են աւելի քան 700 տեղահանուած անձեր։
Կարդինալ Փիցապալլա Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հաղորդեց, որ այժմ Կազայի մէջ ժողովրդապետութեան հետ կապերը շատ դժուար են, վերահաստատելով իր վճռականութիւնը՝ պաշտպանելու Կազայի հատուածին մէջ գտնուող Պաղեստինցիները։
«Մեք միշտ կը փորձենք ամէն ձեւերով Կազա Հասնիլ, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն։ Այժմ շատ կանուխ է խօսելու այս բոլոր բաներուն մասին, պէտք է հասկնալ թէ ինչ պատահեցաւ, ինչ պէտք է ընել, մասնաւորաբար պաշտպանելու համար մեր ժողովուրդը, բնականաբար մենք պէտք են ապահովուել որ նման բաները չկրկնուին, այդ ժամանակ կը տեսնենք, թէ ինչպէս շարունակել, բայց անշուշտ մենք անոնց մինակ պիտի չձգենք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ