«Ինչո՞ւ Տէր» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Ս. Գրքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք ''Ինչո՞ւ Տէր'' հարցումին՝ ըլլայ Հին Կտակարանին եւ կամ Նոր Կտակարանին մէջ: Այս հարցականին ներքոյ կան մարդկային տարբեր տեսակի զգացումներ, կան ողբ եւ կսկիծ. ինչպէս նաեւ կան հաւատքի եւ վստահութեան պակաս: Նոր Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ առաքեալները տեսնելով ի ծնէ կոյրը հարցուցին Յիսուսի. « ինչո՞ւ Տէր այս մարդը կոյր ծնած է» (Յովհ. 9:2): Իսկ հին Կտակարանին մէջ կը տեսնենք Յոբը, որ դարձեալ կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ համար զիս քու նշանակէտդ ըրիր ու ես ինծի բեռ եղայ»(Յոբ 7:20): Ամբակում մարգարէն իր գրքին սկիզբը կը քննադատէ Աստուծոյ ''անարդարութիւն'' եւ չարի հանդէպ ցուցաբերած Անոր ներողամտութիւնը: Նոյնիսկ Դաւիթ իր սաղմոսներուն մէջ կը գրէ.« Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ ինձմէ հեռու կը կենաս. ու նեղութեան ժամանակները կը ծածկես դուն զքեզ»(Սղմ. 10:1):
Տագնապներու մէջ մեր հաւատքի հիմերն ալ կրնան խարխլիլ: Մենք ալ ի տես մեզ շրջապատող անարդարութեան ու վայրագութեանց, կը հարցնենք. « Ինչո՞ւ Տէր այս բոլոր տառապանքը ... այլեւս կարող չենք կրելու այս բոլոր անարդարութիւնը»: Այս հարցնելով կը խորհինք, թէ Աստուած չի տեսներ մեր տառապանքը. եւ կամ կարող չէ միջամտելու: Սակայն հակառակ այս մտայնութեան իրականութիւնը այն է, թէ Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ, եւ թէ ամէն ինչ Իր վերահսկողութեան (control)տակ է:
Սակայն եւ այնպէս ցաւին ահաւորութիւնը եւ տառապանքին հզօրութիւնը մեզ դարձեալ եւ դարձեալ կը տանին հարցնելու. '' Ինչո՞ւ Տէր'':
«Ինչո՞ւ» կը հարցնենք, երբ տառապանքի ճնշումին տակ մեր հոգեւոր դիմադրողականութիւնն ու կամ հաւատքի տոկունութիւնը կը տկարանայ:
Ամբակում մարգարէ տեսնելով անարդար մարդոց յաջողութիւնը, եւ անոնց անպատիժ մնալը, ինքն իրէն հարց տուաւ՝ թէ 'ինչո՞ւ կը յոգնինք Աստուծոյ պատուիրանները պահելով, երբոր անարդարը անպատիժ կը մնայ եւ յաջողութիւն կը գտնէ':
Այս ամփոփ խորհրդածականով կարելի չէ յագեցուցիչ պատասխան տալ տառապանքի գոյութեան մեծ հարցականին, սակայն հակիրճ ակնարկով մը մի քանի խորհուրդներ կիսեմ ձեզի հետ:
Երբ տառապանքն ու հալածանքը հզօրանան, հակում կ'ունենանք մեր բնազդին սանձերը ազատ արձակելու: Հոգեւոր արտայայտութեամբ՝ կը սկսինք սիրտով մտածել քան թէ մտքով: Մեր զգացումները կը սկսին մեզ առաջնորդել, որպէսզի որոշումներ առնենք: Ս. Յակոբոս առաքեալ մեզի կը սորվեցնէ, թէ «մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակոբ 1:20): Որովհետեւ երբոր բարկանանք, մեր որոշում առնելու մղիչ ուժը մեր վիրաւոր սիրտն ու զգացումները կ'ըլլան: Այս պատճառով Ս. Պօղոս կը թելադրէ մեզի, որ միշտ զգաստ մնանք: «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք» (Բ. Կորթ. 13:5): Ինչո՞ւ պէտք է քննել մեր անձերը. որպէսզի գիտնանք մեր հոգեւոր վիճակը եւ երբեք չկասկածինք Աստուծոյ սիրոյն եւ հաւատարմութեան վրայ: Եւ նաեւ որպէսզի վստահինք, որ Աստուծոյ հակակշռին տակ ամէն ինչ:
Վերեւ յիշեցինք Ամբակում մարգարէին գանգատը. Սակայն երբոր կարդանք Աստուծոյ մարդուն հակիրճ գիրքը, կը տեսնենք որ ան շուտով իր միտքը կը փոխէ: Որովհետեւ կը տեսնէ անարդարութեան վախճանը: Եւ այդ պատճառով, փոխանակ «Ինչու Տէր» ըսելու, կը սկսի փառաբանել Տէրը: Ան կը գրէ.
«Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ,
Որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ,
Ձիթենիին բերքը ստէ,
Արտերը կերակուր չտան,
Փարախէն ոչխարը պակսի,
Գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ,
Սակայն ես ՏԷՐՈՋՄՈՎ ՊԻՏԻ ՑՆԾԱՄ,
ԻՄ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆՍ ԱՍՏՈՒԾՄՈՎԸ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱԽԱՆԱՄ։
Տէրը իմ զօրութիւնս է» (Ամբ. 3:17):
Մարգարէն երբ հասկցաւ Աստուծոյ զօրութիւնը, յանձնուեցաւ Անոր դատաստանին: Նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ հակառակ ընթանան մեր փափաքածին եւ ուզածին, դարձեալ պէտք է փառաբանենք Տէրը: Յոյն ուղղափառ Ս. Փաիսիոս կը գրէ.« Այն ինչ որ կը տեսնեմ շրջանակիս մէջ, զիս կրնայ խելագար դարձնել, եթէ չգիտնայի որ վերջին խօսքը Աստուծոյ է»:
Հետեւաբար այս դժուարին օրերուն մենք ալ Ս. Ամբակումի նման երգենք եւ ըսենք. « ինչ ալ պատահի Տէր, գիտեմ որ սէրդ յաւիտենական է եւ զօրութիւնդ չէ պակսած: Նոյնիսկ եթէ շուրջս ամէն ինչ ուզածիս կամ սպասածիս համեմատ չըլլայ, ես պիտի շարունակեմ Քեզ պաշտել՝ իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս»:
«Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ՚ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են» (Հռոմ. 8:28):)
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ