2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (29)

ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԻԱ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅ ԿԸ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԻ - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

29.- ՄԽԻԹԱՐ ՍԵԲԱՍՏԻԱ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅ ԿԸ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԻ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Երբ Մխիթար Սեբաստիա կը ժամանէ, 1695 թուականի Նոյեմբեր ամսուն, միեւնոյն օրը լուր տարածուած էր թէ Կիպրոսի մէջ Մխիթար ծանր հիւանդութեամբ մահացած էր։ Իրենց տունը սուգի մէջ թաղուած էր եւ մայրը անպատմելի տրտմութեամբ համակուած որդիին մահը կ՚ողբար, երբ քաղաքի մուտքին Մխիթարի քեռայրը իրեն կը հանդիպի եւ ուրախութենէն տուն կը վազէ՝ աւետելու անհաւատալի անակնկալը։ Մայրը կը յանդիմանէ փեսան՝ դաժան կատակի համար, մինչ ան կը պնդէր որ իր աչքերով տեսած էր Մխիթար սարկաւագը։ Ճիշտ այդ խօսքերուն վրայ Մխիթար տուն կը մտնէ։ Մայրը ուրախութենէն կը նուաղի. հայրն ու ընտանիքի անդամները անպատում ուրախութեամբ կը լեցուին եւ անոր հետ կը գրկախառնուին արտասուաթոր աչքերով։ Մխիթար յոգնաբեկ, կը խնդրէ որ անկողինը պատրաստեն եւ վերջապէս իր տառապեալ մարմինը կը հանգստացնէ մօր խնամքներուն յանձնուելով։

Քիչ ժամանակուան ընթացքին բոլորովին ապաքինուած, Մխիթար Ս. Նշանի վանք կը փոխադրուի եւ կը նուիրուի ընթերցման եւ գրական աշխատանքի։ Բազմաթիւ աղօթքներ եւ երգեր կը յօրինէ, ինչպէս նաեւ Սողոմոնի Առակաց գիրքը տաղաչափուած տողերու կը սկսի վերածել՝ դիւրութեամբ գոց սորվելու համար։

Վանական խուցին պատկից կրօնաւոր մը կար՝ Ծառուկ անունով, որ Մխիթարի դէմ լարուած էր նախանձով եւ չարակամութեամբ, ո՛չ միայն անոր յաջողութիւններուն պատճառով այլ նաեւ օրինակելի բարի վարքին եւ կրօնական ապրումներուն համար, շարունակ տեսնելով անոր ապրելաոճը որպէս հանդիմանութիւն իր զեղծումներուն։ Այն աստիճան չարութեան անձնատուր եղած էր, որ օր մը, երբ Մխիթար քաղաք կ՚երթայ, անոր խուցը մտնելով կը հաւաքէ բոլոր գրութիւնները եւ կրակի ճարակ կը դարձնէ։ Մխիթար վերադարձին չգտնելով իր գրութիւնները կը հարցնէ Ծառուկին, որ անվեհեր կը յայտնէ որ ինքը հաւաքած ու այրած է։ Մխիթար ծով համբերութեամբ լուռ կը հեռանայ եւ իր խուցը կ՚ամփոփուի, բայց դժբախտաբար, անհետ կը կորին Առակաց գիրքը՝ որու կէսն արդէն աւարտած էր եւ մնացածը։

Մխիթարի բարի վարքը տեսնելով եւ իմաստուն խօսքերը լսելով վանքի միաբաններն ու քաղաքի մեծամեծները կը պնդեն որ քահանայական ձեռնադրութիւն ստանայ, քաղաքին եւ շրջակայքին ծառայելու համար։ Այդ ցուրտ ձմրան Մխիթար հազէ կը տառապէր եւ թուքը արիւնախառն ըլլալով կը կարծէր թոքախտ ըլլալ։ Ինքզինքը անպատրաստ համարելով, այդ հազն ալ պատճառանք բռնելով մինչեւ Ապրիլ ամիսը կը յետաձգէ։ Գարունը բացուելուն հազը կ՚անհետանայ եւ ինք կը պարտադրուի համակամիլ։ Այսպէս Ծառուկի հետ միասին քահանայ կը ձեռնադրուի 7 Մայիս 1696 թուականին, ձեռամբ Յովհաննէս Վրդ. Ատանացի եպիսկոպոսին եւ Կարապետ եպիսկոպոս Կիւրինցիի։

Սեբաստիոյ համար մեծ ուրախութեան տօն էր, որովհետեւ շատեր կը վկայէին Մխիթարի աստուածատուր շնորհքներուն եւ օրինակելի վարքին մասին եւ մեծամեծ բարիքներ կ՚ակնկալէին իրենց քաղաքին եւ ամբողջ թեմի կեանքէն ներս։ Եւ այդ էր իսկական պատճառը որու համար շտապեցուցած էին որ Մխիթար քսան տարեկան հասակին ստանար քահանայական ձեռնադրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2025, 08:18