Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կ՝ընդունի Լիբանանի պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնը   Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կ՝ընդունի Լիբանանի պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնը  

Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կ՝ընդունի Լիբանանի պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնը

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ողջոյնի խօսքով’ բարձր գնահատելով զօրավարին այցելութիւնը, որ ունի ազգային և բարոյական կարևոր նշանակութիւն մը, մանաւանդ անոր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Պատրիարքական Աթոռին:

Ուրբաթ, 27 Յունիս 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեցաւ Լիբանանի պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնը՝ հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաունտոսը’ ընկերակցութեամբ գրասենեակին տնօրէնին’ զօրավար Ժամիլ Թաամէի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիին:

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ողջոյնի խօսքով’ բարձր գնահատելով զօրավարին այցելութիւնը, որ ունի ազգային և բարոյական կարևոր նշանակութիւն մը, մանաւանդ անոր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Պատրիարքական Աթոռին:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին անունով շնորհաւորեց զայն’ Պետական ​​Անվտանգութեան Ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակումին համար՝ մաղթելով յաջողութիւն ազգային առաքելութեան մէջ՝ ի սպաս Լիբանանի բարօրութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բարձր գնահատեց Պետական ​​Անվտանգութեան Ծառայութեան կատարած անհրաժեշտ դերը՝ ընդգծելով լիբանանցիներուն ապահութեան և կրօնական հաստատութիւններուն միջև համերաշխութեան կարևորութիւնը՝ որպէս պետութեան ամրապնդումին ու մարդկային արժանապատուութեան, ազատութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնաքարը, երկրին դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ։

Հանդիպումին ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայերուն պատմական ներկայութեան՝ նշելով, որ մեծ դժուարութիւններէն ետք այս հայրենիքին մէջ ապաստան գտած հայ ժողովուրդը չվարանեցաւ իր արիւնը թափել ու նուիրուիլ անոր համար՝ մարմնաւորելով հաւատարմութեան եւ պատկանելիութեան վսեմագոյն իտէալները։ Ան ընդգծեց, որ հայերը լիբանանեան ընկերութեան անբաժանելի բաղադրիչ տարրը կը կազմեն և սերունդէ սերունդ անոնք նուիրուած են պետութեան բարգաւաճումին, միասնութեան և կառոյցներու պաշտպանութեան համար։

Քննարկուեցաւ նաև Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը’ կարեւորելով անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու և բոլոր գործօն ուժերուն միջև կառուցողական համագործակցութիւնը խթանելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ երկրին և անոր քաղաքացիներուն։

Հանդիպումը վերջ գտաւ համագործակցութեան և փոխադարձ յարգանքի յարատեւութեան մաղթանքներով’ աղօթելով, որ Լիբանան դուրս գայ իր տագնապներէն’ իրանվտանգութեան ու հոգեւոր իմաստուն, պատասխանատու եւ համազգային տեսլականով օժտուած առաջնորդներու ղեկավարութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2025, 07:20