Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (52)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղթամար կղզիի գրչագրութեան կեդրոնին:

ԾԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղթամար կղզիի գրչագրութեան կեդրոնին:

 

Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ վանքը մեծ և ուրոյն դեր ունեցած է վաղեմի ձեռագիրներու ընդօրինակման մէջ, ինչպէս նաեւ հայ գրչութեան եւ մանրանկարչութեան արուեստներու զարգացման գործին մէջ: Դարեր շարունակ վանքի աղօթասէր միաբաններն այստեղ ընդօրինակած են գրչագրեր եւ ծաղկած են զանոնք երփներանգ գոյներով, մագաղաթ ու թուղթ կոկելով, թանաք պատրաստելով, ինչպէս նաեւ զբաղուած են կազմարարութեամբ եւայլն: Աղթամարի մէջ, ձեռագիրներ գրուած են նաեւ աւելի վաղ, յատկապէս 1113 թուականէն յետոյ, երբ Արծրունեաց Դաւիթ եպիսկոպոսը կը հիմնէ տեղւոյն Կաթողիկոսական Աթոռը:

ԺԴ. դարուն կը հանդիպինք Դանիէլ կրօնաւորին, Կարապետ կրօնաւորին, Զաքարիա կրօնաւորին, Կարապետ քահանային, Գրիգոր և Աւագ գրիչներուն:1312 թ. Դանիել գրիչը Մաշտոց մը կ'ընդօրինակէ (Մաշտոցեան Մատենադարան թիւ 4801), Գրիգոր միայնակեացի պատուէրով, ու զայն կը թողու Աղթամարի վանքին` որպէս «անջինջ արձան»: Հետագային, Աղթամարի մէջ գրուած ձեռագրերն աւելի մեծաքանակ կը թուին, յատկապէս ԺԵ. դարուն: Իւրաքանչիւր ձեռագիր կը ներկայացնէ եզակի և անփոխարինելի արժէք, մշակութային ուրոյն յուշարձան:

1471 թուին, Հայրապետ գրիչը «յաստուածապահ կղզիս Աղթամար, ընդ հովանեաւ Սուրբ Խաչիս եւ Սուրբ Աստուածածնիս եւ Սուրբ Սարգիս զօրավարիս» կ'ընդօրինակէ Մաշտոց մը, որուն մասին Կարապետ քահանան կ'ըսէ. «զգիրգս զայս զարդարեաց ծաղկով» (Մաշտոցեան Մ. 4775): Այս ձեռագրի մանրանկարներն են` Մկրտութիւն, Ջրօրհնէք, Պսակադրութիւն, Խաչելութիւն:

Ուշագրաւ են կարմիրն ու կապոյտը, նրբօրէն միմեանց միահիւսուած կիսախորաններն ու ճակատազարդերը, զարդագրերն ու լուսանցազարդերը, որոնք ձեռագիրը գլուխ գործոցի կը վերածեն: Հայրապետ գրիչն ու ծաղկողը այս ծիսամատեանը նուէր կը թողու Աղթամարի վանքին. «որպէս զի սպասաւորք սուրբ տաճարիս ընթեռնուն զսա եւ զԱստուած ողորմին անմոռաց ասասցէն մեզ», իսկ անոնք որոնք կը յանդգնին սուրբ մատեանը տաճարէն գողնալ կամ վաճառել, անոնց կը նզովէ:

Դարձեալ, Ս. Էջմիածին գտնուելու ժամանակ (1461 թ.) Զաքարիա Գ. Հայրապետը կը պատուիրէ Մաշտոց մը (Մաշտոցեան Մ. 4997). այս ձեռագրի գրիչը Աղթամարի միաբան, Զաքարիա Հայրապետի ազգական, Ներսէս գրիչի եղբայր և Աղթամարի յաջորդ Կաթողիկոս Ստեփանոսն է (Ստեփանոս Դ. Տղայ, 1465-1489): Ստեփանոսն այնքան գեղեցկագիր և հմուտ գրիչ էր, որ Զաքարիա Գ. Կաթողիկոսը անոր իր հետ կը տանի Սուրբ Էջմիածին` թագաւորի օծման համար Մաշտոց ընդօրինակելու: Այսպես 1461 թուին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ստեփանոս կրօնաւորը մագաղաթեայ թերթերու վրայ Մաշտոց կ'ընդօրինակէ (Մաշտոցեան Մ. 4997), որ կը բովանդակէ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան, Կաթողիկոսի ձեռնադրութեան, Միւռոնի օրհնութեան, Թագաւորի օծման կանոնները։ Առաջին մանրանկարէն բացի, միւս չորսը ծիսական բնոյթ ունին, և ամէնուն մէջ առկայ է Ստեփանոս Կաթողիկոսի պատկերը։ Թագաւորի օծման մանրանկարին մէջ, արքան ծունկի եկած է Ստեփանոս Հայրապետի առջեւ:

Այս պատկերն ալ, հաւանաբար, Սմբատ արքայի դիմապատկերն է: Լուսանցային հատուածներուն մէջ, բուսական պատկերներէն բացի, նկարուած են սրբազան առարկաներ` մատանի, գաւազան, թագ, աթոռ և սկիհ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2025, 07:39