Որոնել

Պաշտօնական Փակում՝ Սիրտ Յիսուսի Ջերմեռանդութեան Քեսապի մէջ։ Պաշտօնական Փակում՝ Սիրտ Յիսուսի Ջերմեռանդութեան Քեսապի մէջ։ 

Պաշտօնական Փակում՝ Սիրտ Յիսուսի Ջերմեռանդութեան Քեսապի մէջ։

Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Սիրտ Յիսուսի աղօթքներու ջերմեռանդութեան Փակումը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:

«Յիսուս հեզ եւ խոնարհ սրտիւ, Արա՛ զսիրտ մեր ըստ Սրտին Քում»:

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 29 Յունիս 2025 թուականին, Գ․ Կիրակի զկնի Պենտեկոստէի, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Սիրտ Յիսուսի աղօթքներու ջերմեռանդութեան Փակումը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ « Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս1

Յիսուսի Սուրբ Սիրտի ջերմերանդութիւն
Յիսուսի Սուրբ Սիրտի ջերմերանդութիւն

Այս ջերմեռանդութիւնը իր յատուկ ձեւով սկսաւ զարգանալ 17-րդ դարուն՝ շնորհիւ սրբուհի Մարգարիտ Մարի Ալակոքի (Marguerite-Marie Alacoque), ֆրանսացի բենեդիկտեան կրօնաւորուհի, որ ունեցած էր մի շարք տեսիլքներ՝ յայտնուելով իրեն Յիսուսը եւ ցոյց տալով Իր Սուրբ Սիրտը։
Այս տեսիլքներուն ընթացքին, Յիսուս՝ սրբուհի Մարգարիտ Ալակոքին փոխանցեց Իր Սրտի վրայ ունեցած ցաւը՝ մարդկութեան անտարբերութեան եւ անշնորհակալութեան համար։Ան խնդրեց, որ Ի՛ր Սուրբ Սիրտը յատուկ կերպով պաշտուի, եւ յատկապէս ամսուայ առաջին ուրբաթ օրերը նուիրուին Իրեն։

Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչցաւ այս ջերմեռանդութիւնը 1765 թուականին, իսկ 1856-ին Պապ Պիոս Թ.՝ այն տարածեց ամբողջ եկեղեցւոյ վրայ՝ հաստատելով Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնը։

Յիսուսի Սուրբ Սիրտի ջերմերանդութիւն
Յիսուսի Սուրբ Սիրտի ջերմերանդութիւն

Սիրելիներս,

Երբ կը խօսինք Յիսուսի Սուրբ Սրտի մասին, մենք միայն մարմնեղէն սիրտի մը մասին չենք խօսիր։ Մենք կը խօսինք այն Սրտին մասին, որ բաբախեց սիրով մարդկութեան համար, որ ցաւ զգաց մեր մեղքերուն համար եւ արիւն թափեց մեզ փրկելու համարՍուրբ Սիրտը խորհրդանիշ է անսահման սիրոյ եւ գթութեան։ Այդ Սիրտն է, որ Գողգոթայի խաչին վրայ բացուեց եւ դարձաւ շնորհքի անսպառ աղբիւր։

Այդ Սիրտն է, որ միշտ բաց է՝ ընդունելու զղջացող մեղաւորին, մխիթարելու վշտացեալին եւ ամրացնելու նուաճուած հոգին։
Եկէ՛ք, սիրելիներս, այս օրերուն յատկապէս մօտենանք Յիսուսի Սուրբ Սրտին։ Ընդունինք Իր Սէրը, մաքրուինք Իր Գթութեան մէջ, եւ դառնանք կենդանի օրինակներ՝ Իր խաղաղութեան եւ սրբութեան։

Յիշենք եւ ապրինք ըստ այս քաղցր բառերուն։ «Յիսուս հեզ եւ խոնարհ սրտիւ, Արա՛ զսիրտ մեր ըստ Սրտին Քում»:
Սուրբ պատարագի աւարտին, սարկաւագաց դասը, դպրաց դասը եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան հետ ուղղուեցանք դէպի եկեղեցւոյ բակը, ուր տեղի ունեցաւ թափորը Սիրտ Յիսուսի արձանով։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Յիսուսի Սուրբ Սիրտի Ջերմերանդութիւն
Յիսուսի Սուրբ Սիրտի Ջերմերանդութիւն
Յիսուսի Սուրբ Սիրտը
Յիսուսի Սուրբ Սիրտը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2025, 09:40