2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (22)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

22.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ՅՈՎ­ՀԱՆ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵ­ՏԻ ՀԵՏ ԱՂԵՔ­ՍԱՆ­ԴՐԷՏ Կ՚ԵՐ­ԹԱՅ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Հա­լէ­պի մէջ երեք ամիս մնա­լէ ետք, Մխի­թար սար­կա­ւագ վերջ­նա­կանօրէն կ՚որո­շէ Հռոմ մեկ­նիլ Յով­հան վար­դա­պե­տի հետ միասին։

Հ. Ան­տո­նիոս Բո­վոլ­լիէ Մխի­թա­րի կը յանձ­նէ 30 Մայիս 1695 թուա­կիր վկա­յա­կան մը, որու մէջ չվա­ւե­րաց­նելով հանդերձ Մխիթարի Հռոմ եր­թա­լու որո­շու­մը, սա­կայն բո­լոր անոնց որ այս վկա­յա­կա­նը տես­նէին՝ կը յանձ­նա­րա­րէ եղ­բօր նման ըն­դու­նիլ զին­քը։ Յի­սու­սեան միաբա­նու­թեան կնի­քով հաս­տա­տուած այս վկա­յա­կա­նին տակ ոչ միայն ին­քը կը ստո­րագ­րէ այ­լեւ Յի­սու­սեան միաբա­նու­թեան Սիւ­րիոյ առա­քե­լու­թեան ընդ­հա­նուր մե­ծա­ւո­րը՝ Յով­հան­նէս Վեր­զոյ, ինչ­պէս նաեւ Վե­ղա­րա­ւոր­նե­րու արե­ւե­լեան առա­քե­լու­թեան Փա­կա­կալ Եղ­բայր Յով­սէ­փը եւ Կար­մե­ղա­կան միաբա­նու­թեան Սիւ­րիոյ եւ Պա­ղես­տի­նի առա­քե­լու­թիւն­նե­րու Փոխ-Նա­հան­գա­պետ Եղ­բայր Փեր­տի­նան­տը։­

Այս ամէ­նը կը վկայեն որ նոյն ժա­մա­նա­կաշրջանի արե­ւել­քի մէջ առա­քե­լու­թիւն իրա­կա­նաց­նող երեք մե­ծա­գոյն միաբա­նու­թիւն­նե­րու մե­ծա­ւոր­նե­րը Հա­լէ­պի մէջ ճանչ­ցած էին եւ գնա­հա­տած Մխի­թար սար­կա­ւա­գի Հռոմի հանդէպ հակուածութիւնը, առա­քե­լա­կան նուի­րուա­ծու­թիւնն ու ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։

Հ. Ան­տո­նիոս Բո­վոլ­լիէ կն­քուած նա­մակ մըն ալ կու տայ Մխի­թա­րի, ուղ­ղուած Հռոմ բնա­կող Յի­սու­սեան միաբա­նու­թեան Ընդ­հան­ուր Մե­ծա­ւո­րին։ Շատ հա­ւա­նա­բար մեծ գո­վա­սա­նա­կան խօս­քե­րով կը յանձ­նա­րա­րէր իրենց շար­քե­րուն մէջ ըն­դու­նիլ զին­քը եւ հոգ տանիլ որ­պէս ապա­գայ քա­րո­զիչ։ Սակայն աս­տուա­ծային նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին ու­րիշ կերպ տնօ­րի­նած էր, եւ իւ­րա­յա­տուկ առա­քե­լու­թիւն մը վե­րա­պա­հած էր Մխիթարի։

Մ­խի­թար սար­կա­ւագ եւ Յով­նան վար­դա­պետ միասին Հա­լէ­պէն կ՚անց­նին Աղեք­սան­դրէտ, (Իս­քէն­տէ­րուն) որ Բե­րիոյ նա­ւա­հան­գիստն էր, եւ հոն ճամ­բայ ել­լե­լու պատ­րաստ ֆրան­սա­կան նաւ մը կը գտ­նեն։ Նա­ւա­պե­տին հետ հա­մա­ձայ­նե­լով իրենց տե­ղե­րը կը վար­ձեն մին­չեւ Հռոմ։

­Քա­նի մը օր եւս պէտք էին սպա­սել ճամ­բայ ել­լե­լու հա­մար եւ այդ ըն­թաց­քին Աղեք­սան­դիա կը ժա­մա­նէ ատա­նա­ցի Գրի­գոր Բ. Պի­ծակ, Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սը, որ եր­կու տա­րի, 1689-1691 այդ աթո­ռի գա­հա­կա­լը եղած էր, եւ այժմ հրաժարեալ, մտադ­րած էր Հռոմ եր­թալ եպիս­կո­պո­սի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Իրենք ալ նոյն նա­ւուն վրայ տեղ կ՚ա­պա­հո­վեն եւ կը միանան ճամ­բորդ­նե­րուն։

Մ­խի­թար սար­կա­ւագ առիթ կ՚ու­նե­նայ մօ­տէն ճանչ­նա­լու զի­րենք եւ մեծ հիաս­թա­փու­թիւն կ՚ապ­րի երբ անոնց ու­սում­նա­կան պատ­րաս­տուա­ծու­թիւ­նը, նիստ ու կա­ցի ան­տա­շու­թիւնն ու հե­ղի­նա­կա­ւոր ան­ձի պատ­շա­ճող խո­հա­կա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը կը համեմատէ արեւմուտքի հոգեւորականներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2025, 07:25