Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (20)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

20.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ՅՈՎ­ՆԱՆ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵ­ՏԻ ՀԵՏ ՀԱ­ԼԷՊ Կ՚ԵՐ­ԹԱՅ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

­Միանա­լով Բե­րիա ու­ղե­ւո­րուած կա­րա­ւա­նին, 169­5ի գար­նան Մխի­թար սար­կա­ւագ Յով­նան վար­դա­պե­տի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ճամ­բայ կ՚ել­լէ դէպի Հալէպ։ Մին­չեւ Մա­լա­թիա հաս­նի­լը Մխի­թար ար­դէն հա­մո­զած էր վար­դա­պե­տը որ ոչ թէ Երու­սա­ղէմ եր­թան այլ Հա­լէ­պէն շա­րու­նա­կեն դէ­պի Հռոմ՝ այն­տեղ ուս­ման մէջ զար­գա­նա­լու հա­մար։

­Մա­լա­թիոյ մօտ հար­կա­ւոր էր կտ­րել ան­ցնիլ Եփ­րատ գե­տի արեւմ­տեան վտա­կը, տե­ղաբ­նակ­նե­րէն կո­չուած Գա­րա­սու, որ Ծաղ­կա­ւէտ լեռ­նէն բխե­լով կը հաս­նէր միանա­լու Արա­ծա­նիին, կազ­մե­լու հա­մար աս­տուա­ծաշն­չեան Եփ­րատ գե­տը։ Գար­նան ձիւն­հա­լէն ու­ռած էր գե­տը եւ պղ­տոր ջու­րե­րու կո­հակ­նե­րը քա­լա­րուե­լով կը սու­րային։ Կա­մուրջ չկար եւ հար­կա­ւոր էր վա­րար գե­տը ան­ցնիլ՝ ճա­նա­պար­հը շա­րուա­նակե­լու հա­մար։­

Այս ահազ­դու տե­սա­րա­նին դի­մաց, Մխի­թար սար­կա­ւագ կը զգայ իրա­վի­ճա­կի ծան­րու­թիւ­նը։ Եւ քա­նի որ ինք լո­ղալ գի­տէր իսկ Յով­հան վար­դա­պե­տը ոչ, եւ իր նս­տած գրաս­տը հուժ­կու էր քան վար­դա­պե­տի­նը, դժ­բախտ պա­տա­հար մը կան­խար­գի­լե­լու նպա­տա­կով, նա­խազ­գու­շու­թեամբ կ՚ա­ռա­ջար­կէ Յով­հան վար­դա­պե­տին փո­խա­նա­կուիլ իրենց նս­տած գրաս­տնե­րը։ Յով­հան վար­դա­պե­տը, որ նր­բա­կազմ եւ վտիտ մարդ էր, կը յա­ջո­ղի գե­տի միւս ափը ան­ցնիլ հուժ­կու ջո­րիին վրայ նս­տած։­

Իսկ երբ Մխի­թա­րի կար­գը կու գայ, ջո­րին տա­կա­ւին գե­տի կէ­սը չհա­սած՝ չկա­րե­նա­լով դի­մա­կայել գե­տի յոր­ձանք­նե­րուն՝ կը սկ­սի սայ­թա­քիլ։ Մխի­թար կը փոր­ձէ խթա­նել որ ջո­րին կանգ­նի, սա­կայն հա­մե­տի կա­պը կը կտ­րուի եւ Մխի­թար հա­մե­տով միասին կը բաժ­նուի գրաս­տէն, որ փրփ­րած գե­տի յոր­ձանք­նե­րը կը քշեն կը տա­նին։

Մ­խի­թար հզօր բա­զուկ­նե­րով լո­ղա­լով, դժուա­րու­թեամբ ցա­մաք կը վե­րա­դառ­նայ։ Այն ատեն դի­մա­ցի ափէն քաջ ձիաւոր մը վե­րա­դառ­նա­լով զինք կ՚ան­ցը­նէ գե­տի միւս ափը։­

Ա­ւե­լի ուշ գե­տի քշած ջո­րին կը գտ­նեն եւ կը յա­ջո­ղին ջու­րէն ողջ դուրս հա­նել սա­կայն, աւա՜ղ, չկար վրան կա­պած բե­ռը, չկային նաեւ Մխի­թա­րի փայ­փա­յած գիր­քե­րը եւ ան­վե­րա­դարձ կո­րած էին իր յօ­րի­նած գրու­թիւն­նե­րը։

Մ­խի­թար բո­լո­րո­վին խխ­մած, ջրա­թա­թախ հա­գուստ­նե­րով կը ստի­պուի երեք ժա­մուան ճամ­բան կտ­րել եւ Հա­լէպ հաս­նե­լով, եկե­ղեց­ւոյ կից խու­ցի մը մէջ իջե­ւա­նե­լով՝ կը փո­խէ իր հա­գուստ­նե­րը, սա­կայն Աս­տու­ծոյ խնամ­քով չի հի­ւան­դա­նար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2025, 08:13