Որոնել

2023.03.18   San Cirillo di Gerusalemme

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ Բ. շաբաթ Քառասնորդացի (9_16 Մարտ 2025)

Շաբաթ 15 Մարտին՝ տօնն է Ս. Կիւրեղի Երուսաղէմի հայրապետին. Ան ծնած է Երուսաղէմ 315 թուին, եւ քահանայ ձեռնադրուած` 345-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի օր` լսեցինք Յիսուսի խօսքերը օրէնքի մասին։ Ինք չեկաւ ջնջելու հաստատուած օրէնքը, այլ զայն կատարելագործելու։ Մովսէս ինք իրմէ չի դրաւ օրէնքները, այլ Աստուծոյ ներշնչումով շարադրեց զանոնք. Սակայն զգուշանալու է օրէնքները տառացի կերպով գործադրելէ առանց նկատի առնելու օրէնքի հոգին, որ կը կայանայ Քրիստոսի աշխարհ բերած նորութեան մէջ. Սիրել ընկերը իր անձին պէս։

Շաբաթ 15 Մարտին՝ տօնն է Ս. Կիւրեղի Երուսաղէմի հայրապետին. Ան ծնած է Երուսաղէմ 315 թուին, եւ քահանայ ձեռնադրուած` 345-ին։

Հինգ տարի ետք` 350 թուականին կ՛ընտրուի Երուսաղէմի պատրիարք։ Կը պայքարի գլխաւորաբար արիոսականներուն դէմ, ինչպէս նաեւ կը հակառակի Յուլիանոս ուրացող կայսեր, որ զինք աքսորել կու տայ։ Կը տօնուի նաեւ միւս Կիւրեղը որ հրեայ մըն էր եւ որ կատարեց խաչին գիւտը Հեղինէ թագուհիին ժամանակ։ Ինք եւ մայրը` Աննա քրիստոնեայ դարձան ու Յուլիանոսի ժամանակ չարաչար կերպով նահատակուեցան։

Կիրակի 16 Մարտը՝ Քառասնորդաց Գ. Կիրակին, Անառակին Կիրակին է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2025, 07:54