Որոնել

IL PAPA 'HA RIPOSATO BENE TUTTA LA NOTTE'

Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դեսպաններուն աղօթքը Սրբազան Պապին համար

Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը վեցին Հռոմի «Santa Maria dell'Anima» Եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար, որուն մասնակցեցան նաեւ քսան երկիրներու Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ։ Անոնց շարքին էր ՀՀ դեսպան Տիար Պորիս Սահակեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 3 Մարտ 2025ի երեկոյեան ժամը վեցին Հռոմի «Santa Maria dell'Anima» գերմանական լեզուի Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առողջութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ որոնց շարքին ի միջի այլոց` Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Փորթուկալի, Հայաստանի, Սլովաքիայի, Չեխիոյ, եւ Անկոլայի դեսպանները ու այլ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ։

Վերոնշեալ արարողութիւնը առաջարկուած էր Աւստրիոյ դեսպան Marcus Bergmann եւ Գերմանիոյ դեսպան Bernhard Kotschի կողմէ։

Եկեղեցւոյ Ռեկտոր` Հայր Միքայէլ Մաքս Քարոզին մէջ նշեց` որ «Ֆրանչիսկոսի աղօթքին միջոցաւ մենք կ՜աղօթենք մէկու մը համար, որ շատ մօտ է հիւանդներուն ու անոնց` որոնք կը գտնուին ընկերութեան լուսանցքներուն մէջ»։

«Աղօթքը մեծ յոյսի կը փոխակերպէ շատ անհանգիստ և մտահոգ սրտեր» եւ ի տարբերութիւն «շաղակրատանքի և ենթադրութիւններու», աղօթքը կարող է «ձևաւորել լայն ու խորը հեղեղ, որ կը ջրէ չոր երկիրը և հնարաւոր կը դարձնէ նոր պտղաբերութիւն» ըսաւ ի միջի այլոց Հայր Մաքսը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2025, 10:16