ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (17)
17.- ՄԽԻԹԱՐ ԱՉՔԵՐՈՒ ՑԱՒՈՎ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻ ԿՈՒՐՆԱԼՈՒ ԱՍՏԻՃԱՆ
Գրեթէ հինգ ամիս անցած էր, որ Մխիթար Սեբաստիա հասած էր եւ Ս. Նշանի վանքը կ՚ապրէր, երբ 1694ի Հոկտեմբեր ամսուն աչքերու անտանելի ցաւ մը կ՚ունենայ, որու հետեւանքով երկու աչքերուն մէջ արիւն կը լեցուի եւ տեսողութիւնը բոլորովին կը մթագնի։ Ինքնաբաւ չըլլալով կը ստիպուի հայրական տուն երթալ, ծնողական գուրգուրոտ խնամքին յանձնուելով։
Դժբախտաբար քաղաքին մէջ մասնագէտ ակնաբոյժ չկար, որու հետեւանքով այն դեղամիջոցները որ կը փորձեն՝ մեղմացնելու փոխարէն կը վատթարացնեն աչքերու վիճակը եւ կը բազմապատկեն ցաւերը, ինչպէս նաեւ ակնակապիճին մէջ արեան առատութիւնը կը շատցնեն։
Դեկտեմբեր ամիսն էր, ցուրտ ձմեռ։
Խորհուրդ կու տան տաք բաղնիք տանիլ Մխիթարին եւ գլուխէն արիւն հանել։ Այդ աներեւակայելի տանջանքին ենթարկուելէ ետք, Մխիթար սարկաւագը ամբողջ գիշեր անընդմէջ, մինչեւ առաւօտեան լուսաբացը կը տառապի ձախ աչքին մէջ անդադար ծակոց մը զգալով, կարծէք սայրասուր բեւեռ մը, սրածայր գամ մը աչքը մտցնէին։ Այս տանջանքին ծանրութեան տակ Մխիթար կ՚աղաղակէր, մերթ ընդ մերթ սրտաճմլիկ հառաչանքներ բարձրաձայնելով։ Իսկ շուրջինները չգիտնալով ինչպէս օգնել, ճարահատ եւ անզօր, իր հետ կը տառապէին եւ ամբողջ ընտանիքը աներեւակայելի հեծեծանքի մէջ կ՚անցընէ այդ գիշերը։
Արշալոյսին, յուսահատական ճիչ մը կը լսուի տան մէջ. Շահրիստանն էր, Մխիթարի մայրը, որ աղեկէզ աղաղակով մը կ՚արտասուէր եւ կ՚ողբար զաւակին աչքերու լոյսի կորուստը եւ չէր ուզեր մխիթարուիլ։ Արդարեւ, լուսաբացին Մխիթար կ՚անդրադառնայ որ ինք կը շարունակէր մութի մէջ մնալ, եւ խաւարը չէր փարատած իր շուրջը։ Անմիջապէս աչքերը կը զննեն ու կը տեսնեն որ աջ աչքը սեւ ջուրով փակուած էր իսկ ձախ բիբին վրայ սպիտակ ոսպնաձեւ բիծ մը գոյացած էր եւ արեան յորդութեան պատճառով ցաւն ալ անտանելի էր։
Մինչ ընտանիքի անդամները սրտաճմլիկ աղեխարշ կոծերու մէջ էին, որ Մխիթար սարկաւագը դեռափթիթ հասակին կուրութեան մատնուած էր, ինքը, անտրտում, Աստուծոյ ձեռքէն ընդունելով այս ամէնը ինքզինքը կ՚ընծայէր աստուածային խնամքին եւ ընտանիքի անդամները կը յորդորէր նոյնպէս վստահիլ Աստուծոյ բազմագութ սիրոյն։
Յանձնուելով Քրիստոսի կամքին կ՚աղօթէր, Ամէնօրհնեալ կոյսէն խնդրելով, որ եթէ ուզէ, եթէ հաճոյ է իրեն, ա՛յնքան տեսնէ՝ որ ինքնաբաւ ըլլայ շրջելու առանց ձեռնկալի մը օգնութեան, կարեւոր չէ ցուպով թէ առանց ցուպի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ