Հայրենիքին նաւը ղեկավարել կայունութեան ու խաղաղութեան խարիսխներուն վրայ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ շնորհաւորական գիր մը յղեց Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Զօր. Ժէզէֆ Աունին, որուն մէջ իր խնդակցութիւնները արտայայտելով ընտրութեան համար, անոր մաղթեց «յաջողութիւն` բուժելու համար Երկրին վէրքերը», այնպէս ինչպէս ան արտայայտած էր իր պաշտօնական պատգամին մէջ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ապա նշեց, թէ ինք վստահ է որ նոր նախագահը պիտի կարողանայ նոյն դրօշին տակ համախմբել բոլորը, անոնք որոնք մօտիկ են եւ հեռու, գնահատելով նաեւ անոր երդման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքերը, որոնք վստահութիւն կը ներշնչեն` «վստահութիւն ձեր անձին նկատմամբ, ձեր վճռակամութեան, ու ձեր հաւատքին» գրեց ի միջի այլոց իր շնորհաւորագիրին մէջ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը յոյս յայտնելով որ Ան «հայրենիքին նաւը ղեկավարէ կայունութեան ու խաղաղութեան խարիսխներուն վրայ»։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը ապա համայն պատրիարքութեան ու հայ կաթողիկէ համայնքին ուրախութիւնն ու հաճոյախօսութիւնները փոխանցեց Նախագահ Աունին, աղօթելով առ Աստուած, որպէսզի անոր թիկունք կանգնի գործելու ի սպաս բարիին ու բարեփոխումներ կատարելու երկրին մէջ։ «Դուք, գրեց Ան, Լիբանանի Դրօշին խորհրդանիշն էք եւ անոր յոյսը»
Շնորհաւորագիրի աւարտին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց հայրապետը Նախագահին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները` երկար կեանք մաղթելով Անոր ու Լիբանանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ