2018.08.21 Ordinazione vescovile Mgr Yeghia

Ի խնդիր սիւնհոդոսական եկեղեցիի` Հայր Եղիա Եպիս. Եղիայեան

Այս աշխատանքին հիման վրայ, աւելի կʼարմատանայ Սիւնհոդոսական Եկեղեցի ըլլալու փափաքը նաեւ անոր հաստատութիւններէն, կառոյցներէն եւ ընթացակարգերէն ներս: Այս ձեւով Եկեղեցին կը դառնայ, նախ եւ առաջ, ունկնդրող Եկեղեցի մը, որ խոնարհաբար կը գործէ եւ շատ բան կʼընդունի սորվիլ ուրիշներէն: Եկեղեցին պարտի խղճի քննութիւն կատարել, որպէսզի Սուրբ Հոգիին ներշնչումով չդադրի անոր վերանորոգումը, որ ուղիներ կը բանայ դէպի հաշտութիւն, բժշկութիւն եւ արդարութիւն:

Երկու տարուայ նախապատրաստական աշխատանքէ ետք, ահա՛ ժամանակը հասաւ եպիսկոպոսական Սիւնհոդոս գումարելու ի խնդիր Եկեղեցին վերանորոգելու, արդիականացնելու... Սիւնհոդոսական դարձնելու: Յիրաւի, Սրբազան Քահանայապետը Սիւնհոդոսական նիստի հրաւիրեց եպիսկոպոսներ եւ այլ անձեր երկու հանգրուանով. առաջինը՝ 2023-ի  Հոկտեմբերի 4-էն 29, իսկ երկրորդը՝ 2024-ի աշնան:

Համամիութենական հսկում մը, որ պիտի կատարուի Սեպտեմբերի 30-ին, Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, սոյն աշխատանքները պիտի կանխէ Աստուածային նախախնամութեան յանձնելու գումարուելիք Սիւնհոդոսը: Ան, պաշտօնապէս պիտի բացուի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, նախագահութեամբ Սրբազան Քահանայապետին եւ մասնակցութեամբ կարդինալական դասին, ներառեալ նորանուանեալ ծիրանաւորները, եւ համայն ժողովականները: Ասոնց շարքին նախատեսուած է մասնակցութիւնը աշխարհական այրերու եւ կիներու զանազան Եկեղեցիներէ եւ աշխարհիս տարբեր երկիրներէ: Երկու տիկիններ մաս պիտի կազմեն նախագահ-պատուիրակներու շարքին, որոնք կրնան ընդհանուր ժողովի նիստը վարել Սրբազան Քահանայապետին բացակայութեան պարագային: 12 մասնակիցեր պիտի ներկայացնեն ոչ-կաթողիկէ քոյր Եկեղեցիները: Պիտի ըլլան նաեւ թերաճ անձեր ամբողջացնելու համար մեծագոյն ներկայացուցչութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին:

Հակառակ այս զանազանութեան, սակայն, այս Սիւնհոդոսը կը կրէ միշտ «Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոս» տիտղոսը, որովհետեւ եպիսկոպոսները հիմնական պատասխանատուութիւնը ունին իրենց յանձնուած Աստուծոյ ժողովուրդին: Հետեւաբար, Սիւնհոդոսին եպիսկոպոսական յատկանիշը պէտք է պահպանել:  Այս ձեւով, Սիւնհոդոսը կը դառնայ ներշնչեալ ժամանակ մը Եկեղեցւոյ կեանքին համար, որ կʼընդգրկէ զանազան ընթացքներ եւ հիմնական կառոյցներ սիւնհոդոսականութիւնը իրագործելու համար: Սակայն, այս առիթով է միայն, որ եպիսկոպոսները կʼարտայայտեն իրենց պատասխանատուութիւնը պահպանելու ամէնուն հաւատքը, ջանալով պատասխան տալ ներկայի հարցականներուն եւ որդեգրելու արտայայտութեան ու յարաբերութեան միջոցները, որոնք կը համապատասխանեն այսօր ներկայ աշխարհիս մէջ ապրող մարդոց: Անոնք պարտին ուշադրութիւն դարձնել, որ այս փոփոխութիւնները կապը պահեն անցեալին հետ եւ միշտ նային դէպի ապագան:

Սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը, որ կʼամփոփէ ամբողջ աշխարհի թեմերու վերջին երկու տարիներուն փորձը, կազմուած է բովանդակային բաժիններէ եւ տասնհինգ բացատրական թուղթերէ, որոնք կը բացայայտեն «Սիւնհոդոսականութեան բուն հայեցակարգի տեսլականը»:

Փաստթուղթի երկու մեծ Ա. Եւ Բ. բաժիններէն առաջինը՝ կʼանդրադառնայ «Յանուն Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ» ճանապարհին վերջին երկու տարիներու կուտակուած փորձին. մինչ երկրորդը՝ կʼընդգծէ Սիւնհոդոսի ներկայ ժողովին երեք առաջնահերթ խնդիրները. «Հաղորդութիւն, Մասնակցութիւն եւ Առաքելութիւն»՝ երեք հիմնական նիւթերով.

-       Աճիլ հաղորդութեան մէջ, ընդունելով բոլորին.

-       Ճանչնալ եւ գնահատել իւրաքանչիւր մկրտուած անձի ներդրումը առաքելութեան մէջ.

-       Բացայայտել կառավարման կառոյցներն ու շարժողականութիւնը ժամանակի ընթացքին:

Այս աշխատանքին հիման վրայ, աւելի կʼարմատանայ Սիւնհոդոսական Եկեղեցի ըլլալու փափաքը նաեւ անոր հաստատութիւններէն, կառոյցներէն եւ ընթացակարգերէն ներս: Այս ձեւով Եկեղեցին կը դառնայ, նախ եւ առաջ, ունկնդրող Եկեղեցի մը, որ խոնարհաբար կը գործէ եւ շատ բան կʼընդունի սորվիլ ուրիշներէն: Եկեղեցին պարտի խղճի քննութիւն կատարել, որպէսզի Սուրբ Հոգիին ներշնչումով չդադրի անոր վերանորոգումը, որ ուղիներ կը բանայ դէպի հաշտութիւն, բժշկութիւն եւ արդարութիւն: Սիւնհոդոսական Եկեղեցին պարտի ըլլալ հանդիպումի ու երկխօսութեան վայր այլ կրօններու, այլ մշակոյթներու եւ հասարակութիւններու պատկանողներու հետ: Եկեղեցի մըն է, որ չի՛ վախնար բազմազանութենէ, այլ՝ կը գնահատէ զայն առանց միօրինակութիւն պարտադրելու, ու կʼապրի միասնութիւնը նոյն աղօթքի, զանազան լեզուներու ու ծէսերու բազմազանութեան մէջ:

Սիւնհոդոսի նիստերը տեղի պիտի ունենան Ս. Պօղոս Զ. անուան  մեծ սրահին մէջ: Նախատեսուած են նիստերու ընթացքին երեք փուլեր: Իւրաքանչիւր մասնակցող առիթը պիտի ունենայ նախ արտայայտելու իր միտքը, եւ խօսելու Սիւնհոդոսի պատրաստութեան ժամանակ ապրած իր փորձառութեան մասին: Ապա, երկրորդ անգամ, պիտի արտայայտէ իր զգացումները ապրուած Սուրբ Հոգիին ձայնին ներքեւ: Ի վերջոյ, պիտի բացայայտուին խօսակցութեան ընթացքին ի յայտ եկած հիմնական կէտերը եւ պիտի քաղուին ընդհանուր աշխատանքի պտուղները, միաժամանակ նկատի առնելով անոնց գործնականութիւնը: Նախատեսուած են ի վերջոյ, նիստերուն ընթացքին, հասարակական աղօթքի պահեր եւ ծիսական արարողութիւններ:

Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2023, 07:55