Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան 

Սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն նուիրուած Երջանկայիշատակ Կարդ. Աղաճանեանին։

Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատոյց ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Նարեկի Տիրամայր Հայ Կաթողիկէ թեմին առաջնորդը` Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը, մինչ Հոգեհանգստեան կարգը գլխաւորեց Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուն նուիրուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 13 փետրուարի առաւօտեան մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ հայ կաթողիկէ մեծն Հայրապետ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի, որուն աճիւնները պահպանուած են, Սուրբ Նիկողայոսի եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած մատրան մէջ։

Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատոյց ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Նարեկի Տիրամայր Հայ Կաթողիկէ թեմին առաջնորդը` Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը, մինչ Հոգեհանգստեան կարգը գլխաւորեց Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը։

Զոյգ արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք մէկ օր առաջ աւարտած էին Հռոմի մէջ գումարած իրենց սիւնհոդոսական նիստերը։ Ներկայ էին նաեւ հայ կաթողիկէ կղերական դասի անդամներ, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանակիցներ, Լեւոնեան Ք. Վարժարանի սաները եւ Հռոմաբնակ հայ հաւատացեալներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը ակնարկելով Քրիստոսի մէջ հաւատք ունենալու եւ անոր հետեւելու համար պահանջուած կենցաղին` նշեց. «Մեր եկեղեցւոյ մէջ օրինակը ունեցանք Կարդինալ Աղաճանեանին, որուն այսօր պիտի յիշատակենք մահուան յիսուն ամեակը, որուն համար պատարագի աւարտին տեղի կ՜ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօնը, Անոր դամբանին վրայ»։

«Ան եղաւ անձնաւորութիւն մը` որ ամբողջ կեանքը նուիրեց Քրիստոսի եւ անոր կեանքը եղաւ քարոզութիւն եւ օրինակ մեզի բոլորիս համար որպէսզի մենք ալ հետեւինք Քրիստոսին եւ ապրինք Քրիստոսը» ըսաւ Պատարագիչ առաջնորդը դիտել տալով որ` «Իւրաքանչիւրս կոչուած է ըլլալու ներկայացուցիչը Քրիստոսի այս աշխարհիս վրայ, ոչ միայն որպէս կղերականներ այլեւ որպէս քրիստոնեաներ։ Եւ ասոր վրայ հիմնուելով է` որ պէտք է ապրինք։ Այս է այն ինչ որ սորվեցանք մեր նախնիքներէն եւ պիտի փոխանցենք մեր յաջորդներուն» ըսաւ ի մէջ այլոց Արհ. Միքայէլ Մուրատեանը, որ քարոզին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Քրիստոսի մեզի փոխանցած սիրոյ պատուիրանի մասին, նշելով այդ պատուիրանը պէտք է ապրուի սկսեալ մեր շուրջիններէն, մեր եղբայրակիցներէն։ Ան ապա անդրադարձաւ Սուրբ Սարգիսին` որուն տօնը կատարուեցաւ շաբաթ 12 փետրուարին եւ հայոց սուրբին օրինակելի կենցաղի մասին, որուն քարոզութեամբ ու կեանքի օրինակով շատերը հաւատացին Քրիստոսի ընդունելով Սուրբ Մկրտութիւնը։

Արհ. գերապայծառ տէրը քարոզի աւարտին հրաւիրեց աղօթել` որպէսզի Աստուած վերջ տայ համավարակին ու «նա մանաւանդ խաղաղութիւն շնորհէ աշխարհին» ակնարկելով Ուքրանիոյ կացութեան եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին։

«Աղօթենք Աստուծոյ որպէսզի աշխարհը խաղաղի ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարգեւէ հոգւոյ խաղաղութիւնը, որպէսզի սիրով ապրինք աշխարհի վրայ փառաբանելով Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2022, 10:47
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031