Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Ein Madchen oder Weibchen
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

Սուրբ Յովսէփի նուիրուած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծումն ու վերաբացման Սուրբ Պատարագ։

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան, Կիրակի՝ 5 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Տիարպագըրի մէջ (Տիգրանակերտ), Սուրբ Յովսէփի նուիրուած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծումն ու վերաբացման Սուրբ Պատարագը պիտի հանդիսադրէ, մասնակցութեամբ բազմաթիւ ուխտաւորներու։

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան, Կիրակի՝ 5 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Տիարպագըրի մէջ (Տիգրանակերտ), Սուրբ Յովսէփի նուիրուած  Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծումն ու վերաբացման Սուրբ Պատարագը պիտի հանդիսադրէ, մասնակցութեամբ բազմաթիւ ուխտաւորներու։

Եկեղեցին կառուցուած է ԺԸ. Եւ ԺԹ. դարերու միջեւ։

2017 թուականին եկեղեցին Վագըֆներու Պետական Ընդհանուր Տնօրէնութեան կողմէ վերաշինութեան  սկսած  եւ աւարտած է 2020 թուականին:

Ապրիլ 2020-ին եկեղեցին, մշակութային եւ գեղարուեստական ուսումնասիրութիւններու համար Տիճլէ (Տիգրիս) համալսարանին յատկացուած է երկար շրջանի մը համար, սակայն միշտ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին վերապահուած է հոն սրբազան արարողութիւններ կատարելը:

Իսկ Շաբաթ օրը՝ 4 Դեկտեմբերին, օծման նախօրեակին, Արհի. Գերապայծառ ՏԷրը պիտի պատարագէ Մարտինի Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին նորոգութեան ընթացքին մէջ է։ 

Արհի. Գերապայծառ Տիրոջ կ՚ընկերանան Պոլսոյ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ խորանի սպասաւորները եւ դպրաց դասը, ինչպէս նաեւ խումբ մը հաւատացեալներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2021, 12:43
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031