Որոնել

Ճեմելլի հիւանդանոցը որուն 10րդ յարկը ու հիւրընկալուած է Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոցը որուն 10րդ յարկը ու հիւրընկալուած է Ֆրանչիսկոս Պապը 

Ֆրանչիսկոս Պապը արուեստագէտներուն. Շատ կը ցանկանայի ձեր հետ ըլլալ։ Աղօթեցէք խաղաղութեան համար

Թէեւ հիւանդանոցի մէջ է տակաւին, Սրբազան Պապը ուզեց գրաւոր ողջոյնի խօսք մը ուղղել բոլոր արուեստագէտներուն` որոնք Հռոմ ժամանած են ապրելու համար իրենց նուիրուած Յոբելենական Օրերը։ Արուեստի տիեզերական լեզուն կը տարածէ գեղեցկութիւն ու կը միացնէ ժողովուրդները, սատարելով ներդաշնակութիւն տարածելու աշխարհին մէջ ու լռեցնելու պատերազմի իւրաքանչիւր աղաղակ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 16 Փետրուարին Քահանայապետի գլխաւորութեամբ աւանդական Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը տեղի չունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդութեան ու անոր Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ գտնուելուն պատճառաւ, ինչպէս նաեւ բուժանձնակացմի կողմէ անոր հրահանգուած լիակատար հանգիստի բերումով։ Բայց եւ այնպէսս Նորին Սրբութիւնը ուզեց գրաւոր ողջոյնի խօսք մը ուղղել բոլոր արուեստագէտներուն` որոնք Հռոմ ժամանած են ապրելու համար իրենց նուիրուած Յոբելենական Օրերը եւ այսօր առաւօտեան մասնակցեցան Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած պատարագին։

Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղեց նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն` շարունակելու իրենց աղօթքները ի նպաստ խաղաղութեան։

Կից կը ներկայացնենք Սրբազան Պապին գրաւոր ողջոյնի խօսքին պարունակութիւնը։

Եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի Կիրակի։

Այսօր Վատիկանի մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ որ յատուկէն նուիրուած էր աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած արուեստագէտներուն, որոնք Հռոմ եկած են յոբելենական Օրերը ապրելու։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան այս ձեռնարկը պատրաստած ըլլալու համար, որ մեզի կը յիշեցնէ արուեստի տիեզերական լեզուի կարեւորութիւնը` որ կը տարածէ գեղեցկութիւնը ու կը միացնէ ժողովուրդները, սատարելով ներդաշնակութիւն տարածելու աշխարհին մէջ ու լռեցնելու պատերազմի իւրաքանչիւր աղաղակ։

Կը փափաքիմ ողջունել բոլոր մասնակցող արուեստագէտները, շատ կը փափաքէի ձեր հետ ըլլալ, սակայն ինչպէս գիտէք կը գտնուիմ Ճեմելլի հիւանդանոց ,որովհետեւ կարիքը ունիմ ցնցղատապս խնամելու։

Ողջոյնս կ՛ուղղեմ Հռոմ գտնուող բոլոր ուխտաւորներուն յատկապէս Փարմա քաղաքի Թեմի հաւատացեալներուն` որոնք թեմական ուխտագնացութեամբ եկած են իրենց Եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ։

Բոլորդ կը հրաւիրեմ շարունակելու աղօթել խաղաղութեան համար, մարտիրոս Ուքրանիայի, Պաղեստինի, Իսրայէլի, եւ համայն Միջին Արեւելքի մէջ, Մինամարի, Քիվույի եւ Սուտանի մէջ։

Շնորհակալ եմ նաեւ մօտիկութեան, աղօթքի ու սիրոյն` որով ինծի կ՜ընկերանաք այս օրերուն, այնպէս ինչպէս կ՛ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել այս Հիւանդանոցի բժիշկներուն ու առողջապահական գործիչներուն, իրենց հոգատարութեան համար։ Թանկագին ու շատ յոգնեցուցիչ աշխատանք կը տանին։ Թիկունք կանգնինք անոնց աղօթքով։

Եւ այժմ Մարիամին, «Շնորհքով լի»ին յանձնենք մենք զմեզ, որպէսզի մեզի օգնէ ըլլալու իր նման` աշխարհը փրկող գեղեցկութեան երգիչներն ու իրագործողները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2025, 12:00