Մօտիկութեան եւ գուրգուրանքի արտայայտութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապին, որ հիւանդանոց կը գտնուի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Ճէմմելլի հիւանդանոցը գտնուելով՝ ցնցղատապի բուժումները ստանալու համար, աշխարհի տարբեր վայրերէն եւ թեմերէն հաւատացեալներու կողմէ սկսած են հնչել զօրակցութեան եւ գուրգուրանքի արտայայտութիւններ, ինչպէս նաեւ աղօթք շուտափոյթ ապաքինումի համար։
Հռոմի թեմը իր մօտիկութիւնը յայտնեց՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած Նորին Սրբութեան շուտափոյթ ապաքինումի համար։ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները նաեւ կ՝աղօթեն Ֆրանչիսկոս Պապին դիտաւորութեան։ Մինչ՝ Վատիկանի տաճարին մէջ շուրջ հինգ հազար ուխտաւորներ աղօթեցին Պապին առողջութեան համար չեղեալ յայտարարուած յոբելինական արարողութեան ժամանակ։
Լատին Ամերիկայի եպիկսոպոսցաց խորհուրդը նաեւ, գլխաւորութեամբ կարդինալ Ժէմ Սփենկլերին զօրակցութեան եւ մօտիկութեան պատգամ յղեց յայտնելով եպիսկոպոսներուն մօտիկութիւնը քահանայապետին մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնին համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ սկսած է դեղերու բուժումի ու անոր պայմանները լաւ համարուած են, նոյնիսկ եթէ թեթեւ տաքութիւն ունի։ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդարտ եւ բարի տրամադրուած է ինչպէս նաեւ կարդացած է տարբեր օրաթերթեր, ըսաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթթէօ Պրունին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
