US-AVIATION-ACCIDENT

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ պատահած օդանաւային արկածի զոհերուն համար

«Զոհուածներու հոգին յանձնելով Ամենակալ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն, իմ խոր ցաւակցութիւններս կը փոխանցեմ սուգի մէջ գտնուող ընտանիքներուն, իրենց սիրելիներուն կորուստին համար եւ կ՛աղօթեմ նաեւ անոնց համար` որոնք ներգրաւուած են որոնողական աշխատանքին մէջ, բոլոր ազգին վրայ հայցելով մխիթարութեան եւ զօրութեան Աստուածային օրհնութիւններ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիր մը ուղղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփին, որուն մէջ գրեց` թէ իմանալով Ուաշինկթընի Ռոնալտ Ռիկըն ազգային օդակայանի մէջ պատահած օդանաւային արկածի լուրը, ինք հոգեւոր մօտիկութիւն կ՛արտայայտէ բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան այդ աղէտին։

«Զոհուածներու հոգին յանձնելով Ամենակալ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն, իմ խոր ցաւակցութիւններս կը փոխանցեմ սուգի մէջ գտնուող ընտանիքներուն, իրենց սիրելիներուն կորուստին համար եւ կ՛աղօթեմ նաեւ անոնց համար` որոնք ներգրաւուած են որոնողական աշխատանքին մէջ, բոլոր ազգին վրայ հայցելով մխիթարութեան եւ զօրութեան Աստուածային օրհնութիւններ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրին մէջ։

Նշենք որ Չորեքշաբթի երեկոյեան տարածաշրջանային օդանաւ մը և ռազմական ուղղաթիռ մը իրարու բախուեցան Ուաշինկթընի Փոթոմակ գետի վրայ, աշխարհի ամենաշատ խճողուած և խստօրէն հսկուած օդային տարածքներէն մէկուն մէջ՝ որ կը գտնուի Սպիտակ Տունէն, Քամփիտոլիոյէն եւ Փենթակոնէն մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Օդանաւին մէջ կային 64 ճամբորդներ` (60 ուղևոր և անձնակազմի 4 անդամ) եւ ըստ վերջին տուեալներուն արկածի հետեւանքով ըլլայ օդանաւի ըլլայ ուղղաթիռի ճամբորդները բոլորն ալ մահացած են, մինչ որոնողական շտապ օգնութեան մարմինները գործի լուծուած են յայտնաբերելու դիակները եւ յոյսով որ վերապրողներ ալ գտնեն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2025, 14:30