Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ, Գերպ Հայր Միքաէլ Արք Մուրատեանը եւ Գերյ Հայր Միքաէլ Պասալէ Ֆրանչիսկոս Պապ, Գերպ Հայր Միքաէլ Արք Մուրատեանը եւ Գերյ Հայր Միքաէլ Պասալէ  

Գերյ. Հայր Միքայէլ Ծ. Վ. Պասալէ նշանակուեցաւ Յունաստանի հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ

Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզազեանի ներկայացուցած հրաժարականը ընդունելով Սրբազան Պապը, անոր տեղ Առաքելական Կառավարիչ նշանակեց Գերյ. Միքայէլ Ծ. Վ. Պասալէն
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիւզ - Հայկական բաժին

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Յունաստանի  հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ`  Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վ. Պեզազեանի ներկայացուցած հրաժարականը, անոր տեղ  Առաքելական Կառավարիչ նշանակեց, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անդամ, Գերյ.  Միքայէլ Ծ. Վ. Պասալէն` Արեւլեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու երբեմնի Առաքելական Կառավարիչը։

Հայր Միքայէլը ծնած է Հալէպ` 16 յունուար 1969-ին։ Նախնական ուսմունքները կատարած է իր ծննդավայրին մէջ ապա 1986/1987 տարեշրջանին յաճախած է Հալէպի Զմմառու միաբանութեան փոքր նորընծայարանը, որմէ ետք փոխադրուած է Լիբանան` Զմմառու վանք ուր աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսմունքները մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան, ուր երկու տարի մնալէ ետք դարձեալ վերադարձած է Լիբանան ու աւարտած Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսմունքները։

Քահանայ ձեռնադրուած է 21 դեկտեմբեր 1997-ին։ Ծառայած է տարբեր առաքելական վայրերուն մէջ, ինչպէս Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան` ուր վերակազմակերպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հուսկ երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ռատիօ վատիկան – Վատիկան Նիուզ հայկական բաժանմունքի  անձնակազմը շնորհաւորելով սիրելի Հայր Միքայէլին նոր պաշտօնը անոր կը մաղթէ բեղուն առաքելութիւն եւ յաջողութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2025, 11:33