Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը պատկերացնող «murales» մը անոր 2021ին Իրաք այցելութեան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը պատկերացնող «murales» մը անոր 2021ին Իրաք այցելութեան առիթով  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանը «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Իրաքին մէջ» վերնագիրով գիրքին մէջ

Լոյս կը տեսնէ ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով, գերմաներէն լեզուով Մաթթիաս Քոփփ հեղինակին «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Իրաքին մէջ» վերնագիրով գիրքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս կը տեսնէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով Մաթթիաս Քոփփ հեղինակին «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Իրաքին մէջ» վերնագիրով Հատորը, որ ներկայիս հասանելի է միայն Գերմաներէն լեզուով ու կը ներկայացնէ Իրաքին մէջ Քրիստոնէական պատմութիւնը, խոր հայեացք նետելով 2021ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարած ճամբորդութեան եւ Երկրին մէջ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան վրայ։ Մաթթիաս Քոփփ Աստուածաբան եւ լրագրող մըն է ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին խօսնակը։

Վերոյիշեալ գիրքին նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը երախտագիտութիւն կը յայտնէ 2021 թուականին մարտին Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութեան համար, որուն ընթացքին փափաքեցաւ իր ջերմութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնել Քրիստոնեաներուն եւ երկրին մէջ բարի կամք ունեցող անձերուն։

Չնայած Իրաքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ կը գրէ թէ յոյսով կը նայի ապագային, ընդգծելով մարդկանց ուժը, որոնք հաւատարիմ են հասարակութեան վերակառուցման եւ միջ կրօնական երկխօսութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՝անդրադառնայ Մեծ Այաթոլլա Ալ Սիսթանի հետ հանդիպումին ու անոր կարեւորութեան, որպէս կրօնքի անունով բռնութեան դէմ ուղղուած ազդանշան ու կը յիշէ Ուրի մէջ միջ կրօնային աղօթքը, որպէս տարբեր կրօններու միջեւ միասնութեան խորհրդանիշ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ նաեւ Իրաքի մէջ քրիստոնէութեան երկու հազար ամեայ պատմութեան, ընդգծելով քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ժառանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը։

Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ընդգծէ Սուրբ Աթոռի եւ Պապերուն նախաձեռնութիւնը Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն համար հրաւիրելով՝ կենդանի պահելու Իրաքի պատմութիւնն ու ինքնութիւնը՝ արտագաղթի եւ քաղաքական անորոշութիւններուն մթնոլորտէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝եզրափակէ նախաբանը հաստատելով, որ չկրնար Իրաքը պատկերացնել առանց քրիստոնեաներուն.

«Կը փափաքէի եզրափակել, յայտնելով իմ խոր համոզումս, որ անկարելի է պատկերացնել Իրաքը առանց քրիստոնեաներուն, քանի որ անոնք այլ միւս հաւատացեալներուն հետ միասին մեծապէս կը նպաստեն Երկրի առանձնայատուկ ինքնութեան, որ առաջին դարերէն ի վեր եղած է համակեցութեան, հանդուրժողականութեան, փոխադարձ ընդունելութեան վայր։ Թող Իրաքը ու անոր ժողովուրդը հնարաւորութիւն ստանան տեսանելի դարձնել որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրաքի մէջ կարելի է միասին ապրիլ խաղաղութեան մէջ չնայած բոլոր տարբերութիւններուն ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2025, 15:30