Ֆրանչիսկոս Պապ յաջորդաբար ընդունեց Փանամայի նախագահը եւ Հայիթի ժամանակաւոր կառավարիչը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 25 յունուարին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յաջորդաբար ընդունեց նախ Փամանամայի հանրապետութեան նախագահ, տիար Խօսէ Ռոլ Մուքինօ Քուինթերօ ապա Հայիթի անցումային շրջանի նախագահական խորհուրդի նախագահ, Լէսլիէ Վոլթէրը։
Փանամայի նախագահը տիար Քուինթերօն, առանձնազրոյց ունեցաւ Քահանայապետին հետ առաւօտեան ժամը 8.05էն 8.35, որուն յաջորդեց նուէրներուն փոխանակում։ Ֆրանչիսկոս Պապ Փանամայի նախագահին նուիրեց «Քնքշութիւն եւ Սէր» վերնագիրով կաւէ աման մը եւ հայրապետական փաստաթուղթեր՝ այս տարուան խաղաղութեան համար ուղերձը, Statio Orbis գիրքը, ապա Փանամայի նախագահը Պապին նուիրեց Փանամայի ջրանցքի մի քանի լուսանկարներ եւ նախագահական յուշամետալ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ եղան երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր ինչպէս ընդհանուր տան խնամքը, գաղթականութիւնը եւ ընկերային եւ քաղաքական խնդիրներ երկրի եւ տարածաշրջանին մէջ, հաստատելով փոխադարձ հաւատարմութիւնը, նպաստելու համար փանամային ժողովուրդի բարօրութեան։
Ապա ժամը 9,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայիթի պետութեան ժամանակաւոր կառավարիչ տիար Լէսլի Վոլթէրը։ 20 վայրկեան տեւած երկխօսութեէն ետք տեղի ունեցաւ նուէրներուն փոխանակում։ Քահանայապետը նուիրեց «Սերունդներու միջեւ» խորագրով հարքանդակ, հայրապետական փաստաթուղթեր, այս տարուան խաղաղութեան ուղերձը, 20 մարտ 2020ին հրապարակուած Statio Orbisն գիրքը, մինչ Հայիթի ժամանակաւոր կառավարիչ Պապին նուիրեց լուսանկարչական հատորները Հայիթիի վերաբերեալ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ յիշեալ հանդիպումի ընթացքին գոհունակութեամբ արտայայտուեցած են Սուրբ Աթոռի եւ Հայիթթի միջեւ երկկողմանի լաւ յարաբերութիւններուն համար, քննարկուած են առկայ որոշ հարցեր ինչպէս երկրի ընկերային քաղաքական իրավիճակը, անվտանգութեան, մարդասիրական, եւ գաղթականութեան խնդիրները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
