Ֆրանչիսկոս Պապ.Դպրեվանքներուն մէջ պէտք է կազմաւորել Յիսուսին սիրահարուած առաքեալներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 25 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց յոբելինական սուրբ տարուան առթիւ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Ֆրանսայի դպրեվանքերուն մէջ ծառայող տեսուչները, որոնք հաւաքուած են նաեւ անդրադառնալու համար քահանայական կազմաւորման։
«Սա զատորոշումի ուղեւորութիւն է, որուն մէջ դուք էական դեր ունիք. Դուք Եղիա ծերունիին նման, որ Սամուէլ երիտասարդին ըսաւ, « Եթէ քեզ կանչէ, պիտի ըսես, «Տէր, խօսէ, որովհետեւ քու ծառադ քեզի մտիկ կ՝ընէ», (1 Սամ 3,9), ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ դպրեվանքի տեսուչները, իրենց հոգածութեան յանձնուած երիտասարդներու համար կողմնացոյց մըն են։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց դպրեվանքերուն մէջ դաստիարակիչներուն վկայութեան կարեւորութիւնը, որոնց քրիստոնէական կեանքը հիմնական են կրթական շրջանակէն ներս, որ կը ներառէ ոչ միայն դպրեվանքը այլեւ ժողովրդապետութիւններն ու ընտանիքները։
Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ մարդկային յարաբերութիւններու որակին վրայ ըսելով «Դպրեվանքը ապագայ քահանայի մը աճի նպաստաւոր վայր դարձնելու համար անհրաժեշտ է հոգ տանիլ մարդկային յարաբերութիւններուն որակին եւ հարազատութեան, ինչպէս ընտանիքին մէջ՝ հայրութեան եւ եղբայրութեան յատկանիշներով, լոկ այս մթնոլորտին մէջ կարելի է հաստատել փոխադարձ վստահութիւնը՝ ինչ որ էական է բարի զատորոշումին համար։
Նորին Սրբութիւնը ապա կարեւորեց թեկնածուներուն բազմազանութիւնը, որոնք կու գան տարբեր փորձառութիւններէ եւ միջավայրերէ ու յորդորեց դաստիարակիչները ընդունելու եւ ընկերանալու այս բազմազանութեան, խթանելով եղբայրութեան մթնոլորտ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ուրուագծեց նորընծայարանի նպատակը այն է կազմաւորել միսիոնար առաքեալներ, որոնք սիրահարուած են Յիսուսին՝ առանց փորձելու զանոնք միատարր դարձնել։
Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց երեք հիմնական կէտեր, որոնք պէտք է հաշուի առնել կազմաւորումին մէջ, առաջին՝ թեկնածուներուն մէջ ներքին ազատութիւն զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք կարողանան ինքնավար եւ պատասխանատու որոշումներ կայացնել, երկրորդ մարդկային հասունացման կարեւորութիւնը, որ ունակ է քնքշութեան եւ կարեկցանքի, երրորդ՝ առաքելութեան հանդէպ ամուր կողմնորոշում, ընդգծելով որ քահանայական կոչումը պէտք է ապրուած ըլլայ Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեամբ, սնուած Յիսուսի հանդէպ խոր սէրով։
Քահանայապետը ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով տեսուչներուն իրենց ծառայութեան համար ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց պարտականութիւններուն մէջ ապա տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
