Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պատմենք բարի բաներ եւ ցանցային կապ ստեղծենք ընդդէմ յուսահատութեան եւ ապատեղեկատուութեան

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանի ծիրէն ներս կազմակերպուած տեղական եկեղեցիներու հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 27 յունուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանի ծիրէն ներս, ունկնդրութիւն շնորհեց տեղական եկեղեցիներու հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներուն, որոնց շարքին էր Հայաստանէն Տէր Յովսէփ Գալստեանը։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ջերմօրէն ողջունելով ներկաները ընդգծեց անոնց առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ եկեղեցւոյ կեանքին եւ քրիստոնէական աշխարհի տեսլականը հաղորդելուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները խոկալու իրենց աշխատանքին մասին ու հարց տալու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յոյս սերմանել յուսահատութեան մթնոլորտէն ներս, ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել բաժանումի ժահրը եւ պահպանել մօտիկութիւնը` հիմնուած աղօթքին վրայ եւ ոչ թէ «Մարքէթինկ»ի վրայ։

Քրիստոնէական հաղորդամիջոցները պէտք են ցոյց տայ Աստուծոյ արքայութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ ինչպէս կարելի է հաղորդել քրիստոնէական կեանքին գեղեցկութիւնը, ներումի կարելիութիւնը նկատել տալով, որ քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը պէտք է ցոյց տայ Աստուծոյ արքայութիւնը որ հասանելի է բոլորին։ Քահանայապետը շեշտեց բարի պատմութիւններ պատմելու կարեւորութիւնը ի տարբերութիւն լրագրութեան, որ հակուած է միայն չարը ընդգծելու ։

Ան ապա նկարագրելով Հաղորդողներուն պարտականութիւնը նշեց, որ անիկա հաստատութեան վերաբերող ծառայութիւն է ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, մկրտուածի ծառայութիւնը, որ կը պահանջէ համագործակցութիւն եւ միասնական ուժ, ներգրաւելով բոլոր սերունդները եւ օգտագործելով տարբեր արտայայտիչ լեզուներ։

«Միասին» եւ «Ցանց» երկու կարեւոր բանալի բառեր

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա կառուցելու ներդաշնակութիւն եւ յոյս սփռող հաղորդակցութեան ցանց մը ընդգծելով որ հաղորդելը սիրոյ գործողութիւն է, որ անձերը կը միաւորէ ապա առաջարկեց երկու բանալի բառեր, «Միասին» եւ «Ցանց».

«Միասին»ը կը ներկայացնէ փոխադարձ սիրոյ ուժը, որ թոյլ կու տայ միասին յաղթահարելու պառակտումներն ու յոյսը սերմանելու։

«Ցանց» կը յիշեցնէ ապատեղեկատուութեան եւ յուսահատութեան դէմ պայքարելու համար գիտելիքներն ու հմտութիւնները միացնելու կարեւորութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց չպատուելու տխրութեամբ եւ պահպանելու իմաստութեան եւ զուարթամտութեան վերաբերմունքը։

Ի վերջոյ Ան ընդգծեց` որ կաթողիկէ հաղորդակցութիւնը պէտք է բաց եւ ողջունելի ըլլայ, ոչ միայն կաթողիկէներուն համար, այլ բոլորին։

«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ մեր ցանցը բոլորին համար է, բոլորին համար։ Կաթողիկէ հաղորդակցութիւնը առանցին բան մը չէ, դա միայն կաթողիկէներուն համար չէ, դա պարիսպ մը չէ, ուր կը փակուինք, թա աղանդ  չէ իրարու հետ խօսելու համար, ո՛չ։ Կաթողիկէ հաղորդակցութիւնը վկայութեան բաց տարածութիւն է, որ գիտէ լսել եւ բռնել Աստուծոյ նշանները։ Դա իսկական յարաբերութիւններու հիւրընկալ վայրն է» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին` անոնց կատարած աշխատանքներուն համար, քաջալերելով զանոնք քաջութեամբ եւ աւետարանի ուրախութեամբ յարատեւելու, եւ սովորութեան համաձայն խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2025, 10:21