Որոնել

Հռչակենք Տիրոջ շնորհքի տարին. Սրբազան Պապին քարոզը Աստուածային Խօսքի Կիրակիին առիթով

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հրաւիրէ գործնական կերպով համապատասխանելու բարի լուրին, ոչ որպէս ունկնդիրներ այլ որպէս Աստուծոյ սիրոյ եւ ողորմութեան վկաներ, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով արարողութեան ընթացքին դպրութեան կարգը ստացող քառասուն թեկնածուներուն եւ հաստատեց` թէ «բոլորս ալ կանչուած ենք Աւետարանը տանելու աղքատներուն, ազատելու բանտարկեալները, լուսաւորելու կոյրերը ու հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին»։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 Յունուար 2025ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Աստուածային Խօսքին նուիրուած Կիրակիին ու Հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներուն Յոբելեանի սուրբ պատարագը որուն ընթացքին դպրութեան ընթերցողի կարգ շնորհեց քառասուն աշխարհականներու որոնցմէ չորսը Ալպնաիայէն էին, երեքը Արժանթինէն, հինգը Աւստրիայէն, մէկը Պոլիվիայէն, չորսը Պրազիլէն, հինգը Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն, մէկը Իսլանդայէն, վեցը Իտալիայէն, հինգը Մեքսիքաէն, մէկը Լեհաստանէն եւ հինգը Սլովենիայէն։ Արարողութեան ընթացքին անոնցմէ իւրաքանչիւրին յանձնուեցաւ Սուրբ Գիրգի օրինակ մը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած այն հատուածին վրայ ուր Յիսուս կը ներկայանայ որպէս Մեսիա, իր լրումին հասցնելով Եսայի մարգարէին մարգարէութիւնը։

Յիսուս ինքզինք կը յայտնէ որպէս Մեսիա

«Եղբայրներ եւ քոյրեր ինչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն է` Աստուածային Խօսքին կիրակիին օրը, տակաւին Յոբելեանին սկիզբը, հռչակել Ղուկաս Աւետարանիչին այս էջը, ուր Յիսուս ինքզինք կը յայտնէ որպէս Մեսիա` «օծուած աղքատներուն աւետարանը քարոզելու», եւ ուղարկուած «Տիրոջ շնորհքի տարին հռչակելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, թէ Ան «կենդանի Բանն է եւ կը շարունակէ գործել պատմութեան մէջ, շնորհիւ Սուրբ Հոգիին» եւ ասկէ մեկնելով խօսեցաւ Յիսուսի եզակի ու տիեզերական առաքելութեան հինգ հիմնական արարքներուն մասին.

Յիսուսի առաքելութեան հինգ արարքները

Առաջին արարքը` Աղքատներուն բարի լուրը տանիլն է, որ կը նշանակէ ուշադրութիւն եւ խնամք հեզերուն եւ թշուառներուն նկատմամբ։ Երկրորդը` Բանտարկեալներուն ազատութիւն աւետելն է, անոնց տանելով Աստուծոյ ներումը եւ ազատելով ներքին կապանքներէն։ Երրորդ արարքը ապա կոյրերուն տեսութիւն տալն է, բանալով սրտին աչքերը` Աստուծոյ ներկայութիւնը տեսնելով կարիքաւորներու եւ տառապողներուն մէջ։ Չորրորդ` Հարստահարները ազատել, տապալելով բոլոր ստրկութեան ձեւերը եւ ի վերջոյ Տիրոջ շնորհքի տարին հռչակել. Անիկայ կը հռչակէ վերածնունդի ժամանակ, նման Յոբելեանին, որ կը հրաւիրէ ուրախութեան եւ հաղորդութեան ու մեզ կը պատրաստէ Փրկչին հետ վերջնական հանդիպումին։

«Այս աւետարանը կարեկցութեան, ողորմութեան, լոյսի, ազատութեան եւ ուրախութեան խօսք է» հաստատեց ի միջի ալոց Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ այս արարքները ոչ միայն իրենց լրումին կը հասնեցնեն Եսայի մարգարէութիւնը,  այլ մեզի կը յիշեցնեն, թէ հակառակ աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն փրկութիւնը արդեն իսկ ներկայ է Քրիստոսին մէջ։

Սրբազան Պապը առ այդ անգամ մը եւս թելադրեց միշտ մեր մօտ ունենալ փոքրիկ աւետարան մը ու զայն կարդանք օրուան զանազան ժամերուն 

Փրկութիւնը ներկայ է Քրիստոսին մէջ

«Փրկութիւնը, զոր Ան մեզի կու տայ, տակաւին լիովին չէ իրականացած եւ այնուամենայնիւ, պատերազմները, անարդարութիւնները, ցաւը, մահը վերջին խօսքը չունի, Աւետարանը արդարեւ կենդանի և հաստատ խօսք է, Աւետարանը երբեք չի հիասթափեցնէր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հրաւիրէ գործնական կերպով համապատասխանելու բարի լուրին, ոչ որպէս ունկնդիրներ այլ որպէս Աստուծոյ սիրոյ եւ ողորմութեան վկաներ, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով արարողութեան ընթացքին դպրութեան կարգը ստացող քառասուն թեկնածուներուն եւ հաստատեց` թէ «բոլորս ալ կանչուած ենք Աւետարանը տանելու աղքատներուն, ազատելու բանտարկեալները, լուսաւորելու կոյրերը ու հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին։ Եւ այդ ժամանակ պիտի փոխակերպենք աշխարհը Աստուծոյ կամքին համաձայն որ զայն ստեղծեց ու փրկեց սիրոյ համար»։

Յայտնենք թէ քարոզէն ետքը տեղի ունեցաւ դպրութեան կարգի շնորհումը մինչ սուրբ պատարագի աւարտին բոլոր ներկաներուն նուիրուեցաւ Ղուկասի Աւետարանի նմուշը, ըստ նպատակին տարածելու համար Աստուծոյ Խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2025, 10:14