Որոնել

2025.01.19-Papa-Che-tempo-che-fa-16.jpg

Կին մը Վատիկանի Կառավարութեան Ղեկավար պիտի դառնայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Հարցազրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը անդրադարձ կատարեց բազմաթիւ նիւթերու մասին, որոնց շարքին Յոբելենական յոյսի տարին, գաղթականներուն հարցը, պատերազմն ու խաղաղութեան իղձը, իր կենսագրական գիրքը, Կազայի մէջ զինադադարը, չարաշահումներուն դէմ պայքարը, ու աշխարհին առջեւ կայացած այլ մարտահրաւէրներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 Յունուարի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալական «NOVE» հեռուստակայանի «Che tempo che fa» ծրագրի վարիչ` Ֆապիօ Ֆացիոյին հետ ունեցաւ երկար հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին յայտարարեց` թէ յառաջիկայ մարտ ամսուայ մէջ Վատիկանի Կառավարութեան Ղեկավար պիտի նշանակէ կրօնաւորուհի մը, ընդգծելով կիներուն կարեւորութիւնը ու անոնց կառավարելու կարողութիւնը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը անդրադարձ կատարեց բազմաթիւ նիւթերու մասին, որոնց շարքին Յոբելենական յոյսի տարին, գաղթականներուն հարցը, պատերազմն ու խաղաղութեան իղձը, իր կենսագրական գիրքը, Կազայի մէջ զինադադարը, չարաշահումներուն դէմ պայքարը, ու աշխարհին առջեւ կայացած այլ մարտահրաւէրներ։

Երկու ժողովուրդ երկու պետութիւն

Հարցազրոյցին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր միջնորդներուն, որոնք սատարեցին Կազայի մէջ զինադադարը հաստատելու ապա անգամ մը եւս նորոգեց «երկու ժողովուրդ երկու պետութիւն» ի սպաս կոչը, նշելով որ խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է զիջումներ կատարել բայց եւ այնպէս խաղաղութեան հետ շատ բաներ կը շահինք։ «Խաղաղութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ» ըսաւ Ան։

Յոբելենական տարին

Քահանայապետը հուսկ անդրադարձաւ Յոբելենական տարուան նշելով որ անկայ նոր սկիզբ պէտք է ըլլայ, այնպէս ինչպէս կը պատահի մեր կեանքին մէջ ուր ամէն օր կը վերսկսինք...«մարդս պէտք է միշտ ուղեւորութեան մէջ ըլլայ, նման գետի ջուրին որ միշտ հոսքի մէջ է, ապա թէ ոչ կը փտի»։

«Յոբելեանը արդարեւ ներում հայցելու առիթ է։ Աստուած երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ։ Մենք ենք որ կը յոգնինք ներում հայցելէ» յարեց Քահանայապետը հաստատելով` որ «ամէն անգամ, որ մենք թակենք անոր դուռը Ան մեզ կը ներէ»։

Ռեպիպիա բանտին Սուրբ Դռան բացումը եւ բանտարկեալները

Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա Ռեպիպիա բանտին մէջ իր բացած Սուրբ Դռան նշելով որ Յոյսը ծովափի խարիսխն է, որուն պէտք է կառչիլ, ապա հրաւիրեց միշտ մտածել բանտարկեալներուն, որոնց մասին խօսած է Յիսուս «բանտին մէջ էի եւ ինծի այցելեցիք» ու հրաւիրեց չմոռնալ զանոնք, դիտել տալով որ շատեր որոնք դուրսն են աւելի յանցաւոր են քան անոնք` որոնք կալանաւորուած են։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց, որ Սուրբ Դուռէն անցքը, զբօսաշրջութիւն ընել չէ եւ ունի հոգեւոր խոր իմաստ ու պէտք կատարուի «դարձի գալով», փոխելով կեանքին ոճը, փոխելով սիրտը»։

Քահանայապետի Յուսա կենսագրական գիրքը

Հարցազրոյցի այլ նիւթերէն մին եղաւ ապա անցեալ 14 Յունուարին լոյս տեսած Ֆրանչիսկոս Պապին «Յուսա» տիտղոսով կենսագրական գիրքը, որուն հրատարակութիւնը սկզբնական շրջանին նախատեսուած էր յետ մահու սակայն ետքը որոշուեցաւ զայն հրապարակել այժմ։ Այս առնչութեամբ Քահանայապետը ու ծրագիրն վարիչը զրուցեցին գիրքին մէջ պարունակուած մի քանի եղելութիւններու մասին, որոնց շարքին նաեւ Քահանայապետին ու իր դասընկերոջ միջեւ մանկական տարիքներուն ընթացքին կռիւ մը որ սակայն ապագային դարձաւ մեծ բարեկամութիւն։

Գաղթականներուն հարցը

Սրբազան Պապը խօսեցաւ գաղթականութեան հարցի մասին, ակնարկելով իր իսկ ընտանիքի գաղթական իրավիճակին, անգամ մը եւս հաստատելով որ գաղթականը պէտք է որ ընկալուի, առաջնորդուի, խթանուի, եւ ընդելուզուի, շեշտը դնելով ընդելուզումի կարեւորութեան վրայ։

Աղքատութիւնն ու զինավաճառը

Ֆրանչիսկոս Պապին շօշափած այլ նիւթերէն մին եղաւ աշխարհի մէջ աղքատութիւնը, որուն ուղղութեամբ անգամ մը եւս հաստատեց` որ եթէ զէնքի արտադրութեան սահմանուած մէկ տարուան գումարները տրամադրուին ի նպաստ աղքատներուն կարելի պիտի ըլլայ արմատախիլ ընել անօթութիւնը։

«Զէնք արտադրող գործարաններուն շահը շատ մեծ է...բայց ի՞նչի կը ծառայէ։ Կործանումի» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, բաւ է նայինք թէ ինչ պատահած է Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ։

Նախագահ Թրամփ

Խօսելով հուսկ նախագահ Տոնալտ Թրամփի գաղթականները վտարելու գաղափարին Սրբազան Պապը նշեց թէ եթէ այդ մէկը պատահի իրապէս աղէտ մըն է, որովհետեւ աւելիով աղքատներուն վճարել կու տան անհաւասարակշռութիւններուն սուղ գինը։ «Բայց այս մէկը հարցերը չի լուծեր» աւելցուց Սրբազան Պապը։

Անգամ մը եւս անդրադառնալով պատերազմի մասին Սրբազան Պապը ընդգծեց բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը։

Նախախնամութիւնը

Ան ապա խօսեցաւ «նախախնամութեան» մասին հաստատելով` որ «Նախախնամութիւնը Աստուծոյ հայրական ձեռքն է, որ մեզի կ՛ընկերանայ կեանքին ընթացքին։ Ան մեր ձեռքէն կը բռնէ միշտ ու յառաջ կը տանի մեզ» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, ապա խօսեցաւ Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած «ազատ կամք»ին եւ ազատութեան, ինչպէս նաեւ «ներդաշնակութեան» զոր մարդս շատ անգամ կը խզէ, ինչպէս երբ Կայէնը կործանեց տիրող ներդաշնակութիւնը երբ իր եղբայրը սպանեց։

«Հումորի» կարեւորութիւնը

Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց ապա «հումորի» զգացումը որ ըսաւ ան կեանքին գեղեցիկ իրողութիւն մըն է որուն կարիքը ունինք բոլորս, ապա խօսեցաւ մեղքերու մասին ու նաեւ Եկեղեցւոյ մանկապղծութեան հարցի մասին դիտել տալով որ հարկաւոր է մշտապէս պայքարիլ այս ախտին դէմ ու աւելցնելով որ պէտք է նաեւ մօտիկ ըլլան ու ընկերանալ երիտասարդներուն որոնք այդ մօտիկութեան կարիքը ունին շատ անգամ։

Հրեաներու ողջակիզումը ամօթ

Հարցազրոյցի նիւթերէն էր նաեւ հրեաներու ողջակիզումը որուն յիշատակի օրը կը նշուի 27 Յունուարին եւ որուն մասին արտայայտուելով Քահանայապետը ըսաւ թէ անիկայ մարդկութեան համար ամօթալի էջ մըն է։

Իսկ այն հարցումին թէ ինք ի՞նչ մտածեց այն պահուն երբ Կարդինալները զինք Քահանայապետ ընտրեցին Սրբազան Պապը պատասխանեց մտածեցի` որ անոնք խելագար են։ Բայց Աստուծոյ կամքը թող ըլլայ...»

Սրտերը բանալ

Սրբազան Պապը հուսկ հարցազրոյցը եզրափակեց անգամ մը եւս խօսելով Յոբելեանի մասին նշելով` որ «յոբելենական տարին կը նշանակէ մեր սրտերը բանալ»։

«Թոյլ մի տաք կորսնցնել այս հնարաւորութիւնը: Առաջ ընթացէք համարձակութեամբ: Եւ մի կորսնցնէք ձեր «հումորի» զգացումը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2025, 08:00