Սրբազան Պապը ողջունեց Կազայի մէջ այսօր ուժի մէջ մտնող հրադադարը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Անցած օրերուն յայտարարուեցաւ թէ այսօր ուժի մէջ պիտի մտնէ Կազայի մէջ հրադադարը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր միջնորդներուն։ Գեղեցիկ գործ է միջնորդ ըլլալը` որպէսզի խաղաղութիւն հաստատուի։ Շնորհակալութիւն միջնորդներուն». Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը, Կիրակի 19 Յունուարին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, սկսաւ իր ողջոյնի խօսքը ուղղուած վերոնշեալ աղօթքին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ հարցին մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն։
Աղօթենք երկխօսութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան համար
«Կը մաղթեմ` որ այս համաձայնութիւնը յարգուի եւ բոլոր պատանդները կարողանան վերջապէս իրենց տուները վերադառնալ եւ ողջագուրել իրենց սիրելիները։ Շատ կ՛աղօթեմ անոնց ու անոնց ընտանիներուն համար։ Եւ կը մաղթեմ նաւ որ մարդասիրական օգնութիւնները աւելի արագ կերպով եւ մեծ քանակով հասանելի ըլլան Կազայի բնակչութեան, որոնց հրատապ կարիքն ունին անոնք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ` «ըլլայ իսրայէլացիները, ըլլայ պաղեստինցիները, պէտք ունին յոյսի յստակ նշաններու» ապա մաղթեց` որ «երկու կողմերու քաղաքական իշխանութիւնները միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ կարողանան ձեռք բերել երկու Պետութիւն լուծումը»։
«Թող բոլորը կարողանան ըսել` Այո երկխօսութեան, այո հաշտութեան, այո խաղաղութեան եւ աղօթենք ասոր համար` երկխօսութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Քուպայի մէջ բանտարկեալներուն ազատ արձակումը յոյսի նշան
Ան ապա ակնարկեց մի քանի օրեր առաջ Քուպայի մէջ բանտարկեալներու ազատ արձակումին, այդ մէկը նկատելով յոյսի շօշափելի նշան, որ գործնական կը դարձնէ Յոբելենական Տարւոյն դիտաւորութիւններէն մին։
«Կը մաղթեմ, որ յառաջիկայ օրերուն շարունակուին այսպիսի ձեռնարկներ, աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, որոնք յոյս կը ներշնչեն անհատներու ու ժողովուրդներու ուղեւորութեան», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը։
Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթք
Ան ապա յիշեց այս օրերուն կատարուող քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքները եւ հրաւիրեց չդադրեցնելու աղերսանքները առ Աստուած, «Տիրոջ բոլոր աշակերտներուն միջեւ լիակատար հաղորդութեան թանկարժէք պարգեւին համար»։
«Աղօթենք նաեւ մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Միանմարի եւ բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ» եղաւ Սրբազան Պապին 19 Յունուարի Մարեմեան աղօթքին վերջին խնդրանքը, որմէ ետքը Ան բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի Կիրակի, սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով նաեւ իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
