Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը Ալպանիայի արքեպիսկոպոս Անասթասի մահուան կապակցութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական գիր մը յղեց Թիրանա-Տուռէս թեմի եւ ամբողջ Ալպանիայի արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Անասթասի մահուան կապակցութեամբ, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնելով ընդգծեց Արքեպիսկոպոսին Եռանդուն հովուական ծառայութիւնը, որ օգնեց Ալպանիոյ ժողովուրդին վերագտնելու իր հաւատքը հալածանքներէն եւ անաստուածութեան տարբեր տարիներէ ետք, գրեց Սրբազան Հայը, Ան ապա մեծ սիրով յիշեց Արքեպիսկոպոս Անասթաստին հետ ունեցած հանդիպումը զոր տեղի ունեցաւ Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ինչպէս նաեւ արքեպիսկոպոսին նուիրուածութիւնը Աւետարանին ծառայութեան, տարբեր շրջանակներէն ներս։
Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրին մէջ բարձր գնահատեց միջ կրօնական երկխօսութեան եւ խաղաղութեան զարգացման խթանման Արքեպիսկոպոսի նուիրուածութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդին հետ խորապէս միաւորուելու փափաքը ու ու ցաւակցական գիրը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը որպէսզի Ալպանիայի արքեպեպիսկոպոսը յաւերժ փառաբանէ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ հովիւներուն, հաւատքի բոլոր խոստովանողներուն հետ միասին, որոնք Փրկութեան խօսքը հռչակեցին ժողովուրդներու եւ ամէն ժամանակներու մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
